2016-04-14 10:03:00

Լեզւոս կղզզի գաղթականներուն հայող Միջազգային Քարիթասի հաղորդագրութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապի Յունաստանի Լեզւոս կղզիի գաղթականներու այցելութեան ի լուր,  միջազգային Քարիթասի  կազմակերպութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը  որուն մէջ տեղեկացուց  Լեզւոս կղզիի մէջ գտնուող գաղթականներուն իրաւավիճակի եւ անոնց շտապ օգնութեան կարիքներու մասին։

Հաղորդագրութեան մէջ բարեսիրական կազմակերպութիւնը նշած է՝ թէ 2015 տարուան ընթացքին  աւելի քան մէկ միլիոն անձեր անցած են Յունաստանէն, մինչ  2016-ին  150.000։ Գաղթականներուն մեծամասնութիւնը գաղթած են՝  խուսափելու համար  իրենց երկիրներու մէջ տեղի ունեցած հակամարտութիւններէն եւ տիրող աղքատութենէն։ Յունաստան հասնող գաղթականներուն  մեծամասնութիւնը ապաստան գտած են Լեզւոս կղզիին մէջ։

Միջազգային Քարիթասը ապա անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապի կղզի այցելութեան,  կը յայտնէ ՝  թէ Նորին Սրբութեան կղզի այցելութիւնը կը զուգադիպի գաղթականներուն համար դժուար ժամանակամիջոցին, որովհետեւ ապրիլ ամիսէն սկսեալ՝  Յունատան ժամանող գաղթականները,  պիտի ուղարկուին Թուրքիա՝  հիմնուելով  վերջերս Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ միջեւ  կնքուած համաձայնութեան վրայ։

Միջազգային Քարիթասը համագործակցութեամբ  Հելլաս Քարիթասին, գաղթականներուն՝  մարդկային տագնապի սկիզբէն ի վեր , Յունաստանի զանազան վայրերու մէջ  շտապ օգնութիւն կը մատուցեն գաղթականներուն ։

Հաղորդագրութեան մէջ Միջազգային Քարիթասը մէջբերած է   նաեւ Յունաստանի Քարիթասի պատասխանատու Թոնիա Փաթիքիատունմի խօսքերը

՝՝Գաղթականները յոյժ խանդավառութեամբ կը սպասեն Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութեան։  Անոնք ծաղկեփունջեր կը պատրաստեն  եւ շատ կը փափաքին հանդիպիլ Նորին Սրբութեան հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը Լեզւոս կղզիին՝ գաղթականներուն համար յոյսի եւ զօրակցութեան խորհրդանիշ է ։ Նշան մըն է ՝ որ աշխարհը տակաւին չէ  մոռցած  գաղթականները ։՝՝Ըսած է Յունաստանի Քարիթասի պատասխանատուն

Միջազգային քարթիսասը ապա յայտնած է թէ  Յունաստանի Հելլաս Քարիթասը, համագործակցութեամբ Զուիցերիոյ Քարիթասին՝  գաղթականներուն համար բացած է  88 սենեակ եւ 220 մահիճներ ունեցող պանդոկ  մը, որուն մէջ կը հիւրընկալուին յղի կիներ, մանուկներ ինչպէս նաեւ շատ վատ վիճակի մէջ գտնուող գաղթականներ։

Յուսանաստնի եւ անոր կցուած բոլոր կղզիներու մէջ Քարիթասը բաշխած է աւելի քան 80000 անձերու սննդամթերք

Միջազգային քարիթասը հաղորդագրութիւնը աւարտած է յայտնելով թէ Հելլաս Քարիթասը, այս ամսուան ընթացքին սերտօրէն  կը  համագործակցի Աթենքի օրթոտոքս եկեղեցւոյ Քարիթասին հետ։  Անոնք միասնաբար աշխատելով առ աւելիով օգտակար կը դառնան  գաղթականներուն եւ փախստականներուն, միաժամանակ կ՝ամրապնդեն  երկու եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.