2016-04-13 08:54:00

Տարեսկիզբէն ի վեր Միջերկրական ծովուն ճամբով եւրոպա հասած են շուրջ 174 հազար գաղթականներ։


Գաղթի միջազգային կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ տարեսկիզբէն Միջերկրական ծովուն ճամբով Եւրոպա հասած են շուրջ 174 հազար գաղթականներ եւ տեղահանուածներ: Եւրոպական երկիրներ հասնելու փորձի ընթացքին զոհուած են 723 մարդիկ:

Գաղթի միջազգային կազմակերպութեան տուեալներով` 1 յունուարէն մինչեւ 11 ապրիլ Եւրոպա հասածներուն ընդհանուր թիւը 173.761 է: Յունաստան եկած է 153.156 մարդ, Իտալիա` 19.930, Սպանիա` 648, Կիպրոս` 27 հոգի:

Անցեալ տարուան առաջին չորս ամսուան ընթացքին Եւրոպա հասածներուն թիւը կազմած է 48.636:








All the contents on this site are copyrighted ©.