2016-04-13 12:42:00

Նախագահ Պաշշար Ասատ մասնակցեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն


Այսօր, Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2016ի վաղ առաւօտուն Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ ծայր առաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Օրենսդրկան երկրորդ նստաշրջանի ընտրութիւնները։ Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»-ը:

Սուրիացիներ խիտ շարքերով ուղղուեցան քուէատուփ՝ կատարելու իրենց քաղաքացիական պարտաւորութիւնը եւ ընտրելու իրենց ներկայացուցիչը: Նշենք, թէ 3500 թեկնածու կը մրցին Խորհրդարանի 250 աթոռի համար: Քուէարկութեան գործընթացը կը կատարուի 7300 կեդրոններէ ներս, բաժնուած զանազան նահանգներու մէջ: Սուրիական «ՍԱՆԱ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Տոքթ. Պաշշար Ասատ, Առաջին տիկնոջ Ասմա Ասատի ընկերակցութեամբ մասնակցութիւն բերաւ նշեալ ընտրութիւններուն, Դամասկոսի «Ալ Ասատ» գրադարանին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.