2016-04-13 09:14:00

Հայաստանի Հայ կաթողիկէ առաջնորդին ելոյթը ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հայաստանի համայն ժողովուրդն ու հաւատացեալները եւ հայ կաթողիկէ համայնքը տենդագին ու ցնծագին կը սպասեն  ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումը, հակառակ իրենց ապրած անձկագին վիճակին, հայող Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ ընդհարումին''  յայտարարած է Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան, Սրբազան Հօր պաշտօնական այցելութեան ի լուր։

Հայաստան կեցութեան ընթացքին, կը յայտնէ Արքեպիսկոպոս Մինասեան, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը պիտի ընկերանայ ֆրանչիսկոս Պապին բոլոր տեղափոխութիւններուն ու ներկայ պիտի գտնուի բոլոր արարողութիւններուն։ Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի ու սփիւռքի կղերը  եւ Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարքը` Ամենապատիւ ու գերերջանիկ Գրիգոր Ի։

Բազմաթիւ սփիւռքահայեր յայտնած են իրենց կամքը Հայաստան գտնուելու ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան պատմական այցելութեան ընթացքին։

Հայ կաթողիկէ համայնքին համար, Սրբազան Հօր այցելութեան առանցքը պիտի հանդիսանայ ս.պատարագի մատուցումը Գիւմրիի  մէջ` 25 Յունիս 2016-ին։

Մինասեան Արքեպիսկոպոսը ընդգծած է թէ ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Հայաստան օրհնութիւն մըն է, քաջալերանք մը` Հայ Կաթողիկէ համայնքի կղերին ու հաւատացեալներուն համար, լաւապէս կատարելու իրենց վստահուած առաքելութիւնը, ան ապա մեծ առիթ է հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար, դրսեւորելու իրենց երախտագիտութիւնը ֆրանչիսկոս Պապին­­, հայ ազգին նկատմամբ ցուցաբերած հայրական հոգատարութեան  ու սիրոյն։

Նշենք որ ֆրանչիսկոս Պապը` 2016-ին ընթացքին պիտի այցելէ Կովկասի երեք երկիրներ, Հայաստան (24-26 Յունիս), Վրաստան ու Ատրպէյճան (30 Սեպտեմբերն - 2 Հոկտեմբեր)։    








All the contents on this site are copyrighted ©.