2016-04-13 10:02:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Կեանքի ընկերը

Կեանքի ընկեր ընտրելու համար տրամադրուած ժամանակին տեւողութիւնը մարդէ մարդ կը տարբերի: Ոմանք սիրահարութեան հետեւանքով նոյնիսկ մէկ վայրկեան իսկ չեն մտածեր այն անձին մասին, որուն հետ պէտք է անցընեն իրենց ամբողջ կեանքը: Ուրիշներ երկա՜ր կը խորհին այդ մասին, ու ի վերջոյ եզրակացութեան կը յանգին եւ ճիշդ կամ սխալ, ընտրութիւն կը կատարեն ու կը մտնեն նոյն յարկի տակ:

Միշտ ըսած ու կրկնած ենք, թէ մարդու հետ ապրիլը շատ դժուարացաւ այս կեանքին մէջ: «Ամէն մարդ իր ինքնութիւնը ունի» երբ կ՛ըսենք, կ՛ակնարկենք այն նախասիրութիւններուն, հաճոյքներուն, սէրերուն եւ նոյնիսկ վախերուն, որոնք տուեալ անձին յատուկ են: Հաճոյքը, սէրը, վախը եւ այլ երեւոյթներ կրնան ընդհանրական գաղափարներ ըլլալ, ճիշդ է, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ, տարբեր մարդիկ տարբեր մօտեցումներ ունին: Ուրեմն, հաճոյքը, սէրն ու վախը յարաբերական երեւոյթներ են մարդկային կեանքին մէջ յայտնուող:

Նախասիրութիւններու այս երեւոյթը, փոխյարաբերական կեանքի մէջ խանգարումներու պատճառ կը հանդիսանայ: Կեանքի միապաղաղութիւնը ալեկոծելու համար մարդիկ միշտ նորութիւններ կ՛ակնկալեն մարդոցմէ եւ աշխարհէն: Նորութիւնները դժբախտութիւններ կը դառնան, եթէ իբրեւ չար դիպուած հանդիպին մեզի: Սակայն, անոնք բախտաբեր եւ երջանկաբեր կը համարենք, երբ բարի մարդոց միջոցով յայտնուին մեր կեանքին մէջ, ու մանաւանդ հաճոյալի ըլլան:

Չենք խորհիր շատ ծայրայեղական գաղափար արտայայտած ըլլալ, ո՛չ ալ ընկերասիրութեան ու մարդասիրութեան նուիրական գաղափարներուն վնաս հասցուցած ըլլալ, եթէ ըսենք, թէ մարդուն կեանքի լաւագոյն ընկերը իր անձն է:

Վերոյիշեալ մտածումը, ինքնադաստիարակութեան առաջնորդող քայլ մըն է ինքնին, որուն արժէքը շատ քիչեր կը յայտնաբերեն փորձառութեամբ: Այն խնամքը, հոգեկան եւ ֆիզիքական, զոր անձիդ պէտք է ընծայես, զայն կը դարձնէ առողջ եւ գիտակից, որուն այս կեանքի մէջ կտրելիք ճամբան կ՛ըլլայ լուսաւոր, հեզասահ եւ արդիւնաւոր:

Երկարակեաց մարդոց հանդիպելով, մեր առաջին եզրակացութիւնը անոր մասին կ՛ըլլայ այն, թէ այդ առողջ ծերունին կամ պառաւը երիտասարդութեան տարիքէն սկսեալ շատ լաւ խնամած է իր անձը: Ուրեմն, ան կը նմանի այն մարդուն, որ ցերեկուան ժամերը կ՛օգտագործէ եւ ապահով տուն մը կը կառուցէ, ուր պիտի մտնէ գիշերը, հանգիստ քնանալու համար: Իսկ այն երիտասարդը կամ երիտասարդուհին, որ իր երիտասարդութեան առողջ տարիները կը փճացնէ վատառողջ կենցաղակերպով, կը նմանի այն յիմար մարդուն, որ ցերեկ ատեն իր իսկ ձեռքերով կը քանդէ այն տունը, ուր պիտի քնանար գիշերը…

Մեր անձը մեզի՛ համար հետաքրքրական դարձնելը, ոմանց կարծիքով իւրաքանչիւրիս մէջ ինքնահաւանութեան սերմեր կրնայ ցանել: Սակայն կայ նաեւ դրական մօտեցում այս մասին, թէ անձդ քեզի համար հետաքրքրական դարձնելը, կը հզօրացնէ այն տիպար կեանքի ընկերդ՝ ներքին անձդ՝ «ես»դ, որուն հետ ստիպուած ես ապրիլ ամբողջ կեանք մը…

Ամուսնութեան համար կեանքի ընկեր փնտռելու չի՛ նմանիր այս «ընտրութիւնը», որովհետեւ այս պարագային երկընտրանք չկայ, այլ՝ մէկ ընտրութիւն, որուն հետ պարտաւորուած ես ապրիլ ամբողջ կեանքդ: Եթէ ամուսնութեան պարագային կրնայ երկուքէն մէկը մեռնիլ եւ «երկուութիւնը» վերջ գտնել, այս պարագային, մահը մէկ անձ պիտի տանի իր հետ, որուն երկրորդը մեր մէջ գտնուելով, մեզի հետ պիտի երթայ…

Կեանքի լաւագոյն ընկերոջդ՝ անձիդ նկատմամբ հետաքրքրութիւնդ չկորսնցնելը Աստուծոյ՝ կեանքի պարգեւատուին հանդէպ նաեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն է: Այդ նուիրատուն ինչքա՜ն ուրախ պիտի ըլլայ, երբ Իր տուած «նուէր»ին հետ վարուիս խնամքով, հոգածութեամբ, զգուշաւորութեամբ եւ խանդաղատանքով:

Կեանքիդ լաւագոյն ընկերը անձդ է, որուն հանդէպ հոգածութիւնդ ո՛չ փառասիրութիւն է, ո՛չ անձնասիրութիւն եւ ոչ ալ այլամերժութիւն: Չափաւորութիւնն է կեանքի կշիռքը, որուն հաւասար նժարներէն մէկուն կամ միւսին մէջ երբեմն բռնազբօս կերպով կը լեցնենք մեր ուզած ծանրութիւնները, խանգարելով կեանքին հաւասարակշռութիւնը: Աստուած ամէն ինչ ներդաշնակ ու հաւասարակշռուած ստեղծած է: Մե՛նք է, որ կը խախտենք աստուածային համաչափութիւնը այս կեանքի, ու անոր հետեւանքները կը կրենք ակամայ, պատճառ դառնալով զանազան անախորժութիւններու:

Կեանքիդ ընկերը բարի է, համեստ է, խոհեմ է, եթէ դուն բարի ես, համեստ ես, խոհեմ ես եւ այն բոլորն ես, ինչ որ պիտի ուզես որ ըլլար կեանքիդ ընկերը… Եթէ կեանքի ընկերոջդ մէջ կ՛ուզես տեսնել առաւելութիւններ, որոնք հաճոյ են քեզի, եղի՛ր այդ ամէնը եւ պիտի ունենաս այնպիսի կեանքի ընկեր, որ ճի՛շդ սպասած անձդ պիտի ըլլայ: Չենք կարծեր, թէ ասկէ աւելի պարզ ու յստակ բարոյական օրէնք մը կարենանք բանաձեւել ու սահմանել, մեր կեանքը երջանիկ ու աստուածահաճոյ դարձնելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.