2016-04-12 10:00:00

Սիրոյ ուրախութիւնը'' յորդորագիրը ընտանիքի մասին եւ միջազգային մամուլը։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկոս Քահանայապետի` ''Amoris laetitia Սիրոյ ուրախութիւնը'' առաքելական յորդորագիրը ընտանիքի մասին, լայն անդրադարձ ունեցաւ միջազգային մամուլին մէջ։

Իտալական լայնածաւալ օրաթերթերը ինչպէս նաեւ հանրածանօթ միջազգային օրաթերթեր` ֆրանսական «Le Monde», սպանական «El País», եւ ամերիկեան «New York Times» օրաթերթերը իրենց առաջին էջը նուիրեցին «Amoris laetitia» առաքելական յորդորագիրին։

«Le Monde» կը գրէ. ֆրանչիսկոս Պապը առանց հեռանալու եկեղեցւոյ աւանդական վարդապետութենէն, կը հրաւիրէ քահանաները աւելի կարեկցող ու հասկցող ըլլալու ժամանակակից բազմաձեւ ընտանիքի իրականութեան դիմաց։ ''Այս է առաքելական յորդորագիրին մեծ նորութիւնն ու ոյժը'' կը գրէ յօդուածագիրը` Սեսիլ Շամպրօ։

«El País» Սպանական օրաթերթը կը գրէ. ֆրանչիսկոս Պապը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր վերանորոգող հանճարը։ Ան` առանց յեղաշրջելու Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը, առիթ կու տայ քահանաներուն վճռելու, պարագայ առ պարագայ, կարեկցութեան հեռանկարով, Եկեղեցի վերադարձնել բոլոր անոնք որոնք ''անկանոն'' ամուսնական կաենք կ՛ապրին։

«El País» իր երրորդ էջին մէջ լայն տեղ կու տայ մեկնութիւններու ու մեկնաբանութիւններու։ Մինչ «New York Times» ի,  Jim Yardley e Laurie Goodstein լրագրողները, կը նշեն թէ ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը կը հրաւիրէ եկեղեցին ըլլալու ´´ներառնող´´։ Սրբազան Հայրը կը մատնանշէ բացայայտ հովուական ուղեգիծ մը` հիմնուելով այն գիտակցութեան վրայ, որ ընդհանրական եկեղեցին բարդ ու զանազանեալ իրականութիւն մըն է։ Ան քահանաները հրաւիրելով վճռելու, պարագայ առ պարագայ, ընտանեկան տարբեր կացութիւններու մասին, ցոյց կու տայ թէ կարելի չէ եզակի լուծում տալ հարցերուն։ Յօդուածը կը մէջբերէ մեկնաբանութիւնը յիսուսեան հայր James Martin-ի` խմբագիրը «America» պարբերաթերթին, ըստ որուն` առաքելական յորդորագիրը կը յիշեցնէ հովիւներուն` պահանջքը`  դիմաւորելու անհատները։

«The Times» կը գովէ Պապին հաւասարակշիռ դիրքը (a middle line) դիմագրաւելով շատ նուրբ ու փշոտ հարցեր. Ամուսնալուծումը, տարակոյս չկայ չարիք մըն է, սակայն ֆրանչիսկոս Պապը չուզեր վիրաւորել, ընդհակառակը կը քարոզէ հանդուրժողութիւնը եւ կը հաստատէ որ ամուսնալուծուած զոյգերը` բանադրուածներ չեն եւ պէտք չէ նկատուին որպէս այդ։ Ընդհակառակը հարկաւոր է զանոնք զգացնել` որպէս անդամները եկեղեցւոյ։ Լոնտոնի օրաթերթին գնահատումով այս մասը առանցքը կը կազմէ առաքելական յորդորագիրին։

Իտալիական «Corriere della Sera» օրաթերթը հինգ էջ կը նուիրէ առաքելական յորդորագիրին­, ներկայացնելով վաւերաթուղթին գլխաւոր կէտերը ։ Massimo Franco լրագրողը` մեկնաբանելով վաւերաթուղթը կ´ընդգծէ որ յորդորագիրին ոճը ներառնող է , պատրաստ նկատի առնելու տեղական փորձառութիւնները։

«il Giornale» օրաթերթը կը գրէ որ քահանայապետական վաւերագիրին նորութիւնն է բացուիլ անոնց նկատմամբ որոնք կը գտնուին անկանոն կացութեան մէջ։ ֆրանչիսկոս Պապը անոնց հանդէպ կը քարոզէ հասկացողութիւն ու արդար դատում։

«Avvenire» խմբագրականը որ կը կրէ ստորագրութիւնը աստուածաբան Pierangelo Sequeri-ի կը գրէ. եկեղեցւոյ կեցուածքը կը կայանայ մխրճուիլ պատմական իրականութեան մէջ, այս յորդորագիրը լոկ օրհնութիւն մըն է։

Հուսկ Enzo Bianchi`  «La Stampa» օրաթերթին մէջ դիտել կու տայ որ ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական յորդորագիրը քահանայապետական առաջին վաւերագիրն է ուղղուած տիեզերական եկեղեցւոյ։ Անիկա համապարփակ  պատգամ մը չէ , այլ նկատի ունի մշակոյթներու զանազանութիւնները ու ժողովուրդներու ապրած բարդ մարդկայնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.