2016-04-12 09:34:00

Մեր Սիրտերը բանանք Աստուծոյ ողորմութեան


Քառասնորդացի շրջանին երբ յաճախ կը մտածենք մեր հոգեւոր կեանքը յառաջացնելու մասին, պէտք է անպայման մտաբերենք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը  եւ անտարբեր չգտնուինք անոնց հանդէպ մանաւանդ երբ ան կը խօսի ողորմութեան մասին։ Քահանայապետը մեզ՝ բոլորս կը նկատէ իր զաւակները եւ այս պատճառով ալ իր քարոզներուն եւ աղօթքներուն մէջ ան մեզ կը յիշէ, Յիսուսի նման մեզ եւ մեր սիրտը կը փնտռէ երբ մենք հեռու ըլլանք իրմէ:

Բոլորս ալ կարեւոր ենք Քրիստոսի համար։ Անոր ունեցած սէրը մեզի հանդէպ  կ'արգիլէ իրեն անտարբեր ըլլալ մեզի հանդէպ։ Հետեւաբար, մեր վստահութիւնը դնենք  իր ձեռքերուն մէջ եւ իրեն աղօթենք:

«Ով Յիսուս, քեզ կ'ուզեմ սիրել եւ կեանքիս բոլոր օրերուն քեզ փառաւորել․ սակայն օգնէ ինծի, որովհետեւ ոչինչ եմ առանց քու շնորհքներուդ: Իմ սիրտս բաց քու ողորմութեանդ՝ ինքզինքս աւելի ճանչնալու համար եւ հասկնալու իմ խեղճութիւնս»:

Յիսուս  տեսնելով Լեւին, մարդ մը որ տուրքերը կը հաւաքէր, հաւնեցաւ,   սիրեց զինք, մանաւանդ ընտրեց զինք որպէս նոր աշակերտ մը իր առաքելութեան, եւ իրեն ըսաւ «հետեւէ ինծի»:

Յիսուս յափշտակուած Լեւիին պաշտօնէն եւ փարիսեցիներուն հետ անոր բարեկամութենէն, որպէս օրէնքի վարդապետ չկրցաւ իր հաւանութիւնը եւ յարգանքը ծածկել  անոր մէջ տեսնելով արդար մարդը:

Յիսուս չընտրեց այնպիսի կարեւոր պահ մը ուր փարիսեցիները եւ սադուկեցիները հաւաքուած ըլլային հրապարակային ունկնդրութեան համար՝ որպէսզի իր «վարդապետի» եւ առաքեալի դերը յայտնէ հրեայ ժողովուրդին:

Լեւին ինքզինքը ճանչնալով որպէս մեղաւոր հրեայ մը ոչ իսկ վայրկեան մը կ՛ուզէ կորսնցնել Յիսուսին կոչին պատասխանելու համար եւ անմիջապէս  ձեռքը կ՛երկարէ իր  նոր հովիւին, իր կեանքը կը դնէ Փրկիչին ձեռքերուն մէջ եւ առանց վհատելու այսպէսով կը դառնայ առաջին հաւատարիմ անձերէն մէկը:

«Եկած չեմ արդարները կանչելու, այլ մեղաւորները» որպէսզի կարենան դարձի գալ: Փարիսեցիները շատ գոհ չէին որ Յիսուսը գար մեղաւորներուն քով անոնց կեանքը փոխելու։ Բայց  Յիսուս ուզեց այս արարքով ցոյց տալ անոնց իր առաքելութեան նպատակը որ է փրկիչը դառնալ բոլոր ժողովուրդներուն եւ մանաւանդ մեղաւորներուն: Փարիսեցիները կը շարունակեն  ջանք թափել որպէսզի ձախողեցնեն անոր առաքելութեան նպատակը, ջանալով անոր ճամբէն հեռացնել այն համեստ մարդիկը որոնք  ծարաւը ունէին իր խօսքերուն եւ հրաշքներուն: Այս նպատակով փակեցին իրենց սիրտերը սիրոյ եւ ողորմութեան, ինչ որ մեզի ալ  կը պատահի երբ հեռանանք իրմէ:

Յիսուս  կը հրաւիրէ մեզ ընդունելու ողորմութիւնը: Մեզ կը կանչէ զինք  բարեւելու եւ ձեռքերնիս դնելու իր ձեռքին մէջ՝ հոն ուր վստահութիւն եւ սէր կը գտնենք:

Սիրելի ունկնդիր,

 Այս Քառասնորդացի շրջանին, Յիսուս քեզ կը հրաւիրէ ապաշխարելու, մեծ վստահութիւն ունենալու իրեն՝ որպէսզի կարենաս աւելի մօտենալ իրեն եւ արդար դառնալ:

Ով Տէր, կ'ուզեմ ապրիլ քու ողորմութիւնդ, որովհետեւ միակ ճամբան է իմ փրկութեան, կ'ուզեմ ունենալ վստահութիւն  քու անձիդ, որովհետեւ կ'ուզեմ սիրտս բանալ քու սիրոյդ եւ ներողամտութեան խորհուրդիդ, օգնէ ինծի որ յաճախ երթամ խոստավանելու իմ մեղքերս եւ հաւատքի տկարութիւններս:

 Ամէն:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.