2016-04-12 11:02:00

Համաշխարհային պատերազմը կը յաղթահարուի հանդիպումով եւ Ողորմութեամբ


(Ռատիօ Վատիկան) Նախաձեռնութեամբ Pax Christi միջազգային  եկեղեցական կազմակերպութեան եւ  համագործակցութեամբ Քահանայապետական արդարադատութեան եւ խաղաղութեան խորհուրդին, երկուշաբթի, 11 ապրիլ 2016-ին, Հռոմէ մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը   որուն խորագիրն է ՝՝Ոչ բռնութիւն եւ արդար խաղաղութիւն. Նպաստել կաթողիկէ հասկացողութեան եւ ոչ բռնութեան յանձնառումի՝՝։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ երկուշաբթի, 11 ապրիլին , դասախօսութեան մասնակիցներուն յղեց պատգամը, որուն մէջ շեշտը դրաւ ՝ թէ անձերու միջեւ հանդիպումը , ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութիւնը, արդարութեան ի սպաս յանձնառումը, ուղիներն կը կազմեն  լուծելու համար մարդկութեան կողմէ ապրուած  մաս մաս կատարուած համաշխարհային երրորդ պատերազմը։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց նաեւ  ջնջելու մահուան դատապարտութեան  պատիժը, շնորհելու  կարելիութիւնը քաղաքական յանցապարտներու ընդհանուր ներումին ինչպէս նաեւ  վերատեսելու միջազգային աղքատ երկիրներուն կառավարութիւններու վարկերը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.