2016-04-12 09:56:00

Լեռնային Ղարաբաղի ի նպաստ դրամահաւաքը արդէն հասած է 3 միլիոն տոլարի


Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան կողմէ իրականացուող դրամահաւաքին շնորհիւ արդէն մօտ երեք միլիոն տոլար հաւաքուած է:

Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ այս միջոցները ամբողջովին պիտի ուղղուին պաշտպանութեան բանակի սպառազինութեան արդիականացման:

Աղաբեկեանի խօսքով, իրենք յոյս ունին, որ աշխարհի հայերը աւելին կրնան հաւաքել, ուստի դրամահաւաքը պիտի շարունակուի:

Դրամահաւաքի արդիւնքներուն եւ փոխանցուած գումարներու չափին մասին տեղեկատուութիւն կարելի է ստանալ Ղարաբաղի ելեւմուտքի  նախարարութեան կայքէն: Աղաբեկեանի խօսքով` կը փորձեն դրամահաւաքը թափանցիկ իրականացնել, բայց ծախսը չեն կրնար նոյն կերպով թափանցիկ ներկայացնել, որովհետեւ արդիական սպառազինութիւն պիտի գնեն:

Յառաջիկայ օրերուն հաւանական է` «թելեթոն» ալ կազմակերպեն. փոխվարչապետին խօսքով, եթէ պէտք ըլլայ` գումար հաւաքելու համար բոլոր միջոցներուն պիտի դիմուի, քանի որ պիւտճէի միջոցները բաւարար չեն կրնար ըլլալ:

Պատերազմական գործողութիւններու սկիզբը Ղարաբաղի կառավարութեան մէջ գործող շտապ ստեղծուած է: Աղաբեկեան ըսած է, թէ համակարգած են նաեւ կամաւորականներու հարցը` զինուած ուժերուն հետ համագործակցելով:

Պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին, ըստ անոր, մեծ տարհանման անհրաժեշտութիւն չէ եղած, բացի հիւսիսի` Թալիշի եւ Մատաղիսի գիւղերէն` սահմանագիծին մօտ ըլլալնուն պատճառով: Հիմնականօրէն այս երկու գիւղերը հրետակոծութենէն տուժեցին: Հրետակոծուած են նաեւ Մարտակերտ եւ Մարտունի քաղաքները, ինչ որ, Աղաբեկեանի խօսքով, անսպասելի էր:

«Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը արդէն կը գնահատէ վնասը, որպէսզի վերականգնման աշխատանքները սկսին», ըսած է ան:

Թալիշի եւ Մատաղիսի մէջ մեծ վնասներ կրած է նաեւ ելեկտրամատակարարման համակարգը, անիկա արդէն մասամբ վերականգնուած է, յառաջիկայ օրերուն, ըստ փոխվարչապետին, պիտի փորձեն տարհանուած բնակիչները վերստին տեղափոխել գիւղեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.