2016-04-12 12:48:00

՝՝Հալածանքները Եկեղեցւոյ առօրեայ հացն է՝՝ Ֆրանչիսկոս Պապի 12 ապրիլի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 12 ապրիլ 2016-ին առաւօտուն,  Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ եւ անմահ Պատարագ,  որուն ընթացքին արտասանած քարոզը` կեդրոնացուց Քրիստոնեաներու կրած հալածանքներու վրայ,   ընդգծելով ՝թէ հալածանքները եկեղեցւոյ առօրեայ հացն  են։ Ան օրինակ բերաւ` եկեղեցւոյ առաջին նահատակ՝ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկան ընդգծելով թէ մեր օրերուն եւս բազմաթիւ քրիստոնեաներ կը սպաննուին  իրենց  Քրիստոսի մէջ ունեցած հաւատքին համար, իսկ  ուրիշներ հալածուած են ''քաղաքավարութեամբ'' պարզապէս որովհետեւ կ՛ուզեն իրենց ''Աստուծոյ զաւակները'' ըլլալու արժէքը արտայայտել։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա թուելով մեր օրերուն, աշխարհի զանազան վայրերու  մէջ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած հալածանքները, անդրադարձաւ Յիսուսի Յարութեան տօնին օրը՝  Փաքիստանի մէջ քրիստոնեաներու  դէմ գործադրուած ահաբեկչութեան,  որուն զոհ գացին անթիւ հաւատացներ ու  հաստատեց ՝՝այս է Եկեղեցւոյ պատմութիւնը,  որ յառաջ կ՝ընթանայ իր նահատակներուն հետ միասին'' ։  

Քահանայապետը` շարունակելով խօսիլ քրիստոնեաներուն կրած հալածանքներուն մասին  յարեց ՝ թէ այսօրուայ քրիստոնեաներուն դէմ  հալածանքները տեղի կ՝ունենան ''քաղաքավար'' կերպով, հալածանք մը քօղարկուած նորութիւնով, մշակոյթով եւ բարգաւաճումով։  Երբ՝ մարդ մը կը հալածուի ոչ թէ Քրիստոսը դաւանելուն համար,  ալ իր Աստուծոյ զաւակ ըլլալու արժէքը արտայայտելուն համար, այս մէկը, Արարիչ Աստուծոյ դէմ  հալածանք կը համարուի որ կ՛իրականանայ իրեն  զաւակներուն դէմ կատարուած հալածանքով։

Եւ այսպէս ամէն օր ականատես ենք նոր օրէնքներու, որոնք բռնի օրէն անձերը կը ստիպեն  ընթանալ սոյն ուղիին վրայ ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց  այն պարագային՜ որ ազգ մը չ՝ուզեր ենթարկուիլ նման օրէնքներուն, այդ ազգը կը մեղադրուի եւ քաղաքավարութեամբ հալածանքի կ՝ենթարկուի։ Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց՝ թէ  հալածանքն է որ մարդէն կը խլէ իր ազատութիւնը հուսկ քարոզը եզրափակելով յարեց թէ  ''քաղաքավար  հալածանքը ունի նաեւ պետ մը եւ թէ այդ պետին անունը տուած է նոյնինքն Յիսուս` ''այս աշխարհի իշխանը'' եւ թէ Տէրը մեզի զգուշացուցած է  չ՝ենթարկուելու աշխարհիկ հոգիին մեզի վստահեցնելով որ Ինք միշտ մեզի հետ է։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.