2016-04-12 10:03:00

Լաւրով ու Քերի քննարկած են Ղարաբաղի իրավիճակը


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ու Միացեալ Նահանգներու անոր պաշտօնակից Ճան Քերի ունեցած են հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին, այլ հարցերու կողքին, քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը: Այս մասին, ըստ Yerkirmedia.am-ի, նշուած է Ապրիլ 11-ին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

«Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները ողջունած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու շուրջ համաձայնութեան ձեռքբերումը եւ պայմանաւորուած են նպաստել տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կարգաւորման», ըսուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.