2016-04-11 10:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը Կարդինալական խորհուրդի ԺԴ ժողովը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 11 ապրիլ 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Ինը Կարդինալներու խորհուրդի ԺԴ նիստը, որ պիտի երկարի մինչեւ 13 ապրիլ։ Յայտնենք թէ սոյն խորհուրդին անմիջական պարտականութիւնն է խորհուրդ տալ եւ օգնել Սրբազան Քահանայապետին, իրեն յանձնուած պաշտօնը լաւապէս կատարելու ու յատկապէս Վատիկանեան կառոյցներուն եւ սահմանադրութեան մէջ նորութիւններ ու բարեփոխումներ առաջարկելու ու առաջարկներու հիման վրայ բարեկարգումներ կատարելու։

Ինը կարդինալներու  առաջին ժողովը գումարուեցաւ 2013-ի Հոկտեմբեր ամսոյն 1-3, ապա ամէն տարի` տեղի ունեցան հինգ նիստեր, այս օրերուն ժողովը կը հանդիսանայ 2016 տարուայ երկրորդ նիստը, առաջինը տեղի ունեցաւ 8-9 փետրուարին։

Նշենք նաեւ թէ այսօր կը նշուի Ֆրանչիսկոս Պապին Ողորմութեան արտակարգ Սուրբ Տարուայ կոնդակին հրատարակութեան տարեդարձը։  Շաբաթ 11 ապրիլ 2015-ի յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին Սուրբ դռան սեմին­, տեղի ունեցած էր հանդիսաւոր արարողութիւնը`  որուն ընթացքին ընթերցումը կատարուեցաւ Քահանայապետական կոնդակին եւ որուն յաջորդած էր ժամասութեան արարողութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ։

Սուրբ Տարուայ առթիւ  հրատարակած կոնդակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գրած է. ''Ամէնքս կարիքը ունինք խոկալու ողորմութեան խորհուրդը։ Անիկա աղբիւր է ուրախութեան, անդորրութեան ու խաղաղութեան։ Ողորմութիւնը վերջին ու գերագոյն ներգործութիւնն է, որով Աստուած կը հանդիպի մեզի։ Կայ ժամանակ մը, որով կանչուած ենք մեր ակնարկը սեւեռելու ողորմութեան վրայ, որպէսզի մեր կարգին դառնանք ազդու նշան մը` Հօր Աստուծոյ ներգործութեան։ Եւ այդ պատճառաւ է որ հռչակեցի ''Ողորմութեան Արտակարգ Յոբելեանը'', որպէս նպաստաւոր ժամանակ Եկեղեցւոյ համար, որպէսզի աւելի հզօր ու ազդեցիկ դարձնէ հաւատացեալներու վկայութիւնը։

Այդ Օր Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց նաեւ թէ ''Սուրբ Տարին պիտի բացուի 8 Դեկտեմբերին, տօն Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամի'' եւ թէ ''Յոբելենական արտակարգ Տարին պիտի եզրափակուի Յիսուս Քրիստոս` Տէրը տիեզերքի տօնին օրը` 20 Նոյեմբեր 2016-ին''։ Այն օրը Սուրբ Դուռը պիտի փակուի եւ մեր սրտերը երախտագիտութեամբ լի`  պիտի փառաբանեն Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, մեզի պարգեւած արտակարգ ժամանակի  շնորհքին համար։

Հրատարակած կոնդակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնած է ''Երկար ժամանակ մոռցանք մատնանշել ու ապրիլ ողորմութիւնը։ Աւելի արդարութեան հետամուտ եղանք։ Եկեղեցին պէտք է հետապնդէ աւելի բարձր ու նշանակալից կէտ նպատակներ։  Ժամանակն է վերադառնալու էականին ու ճանչնալու մեր եղբայրներուն տկարութիւններն ու դժուարութիւնները։ Ներումը ոյժ մըն է որ նոր կեանք կու տայ ու քաջութիւն կը ներշնչէ յոյսով դիտելու ապագան''։

''Հօր Աստուծոյ նման ողորմած'' այս է նշանաբանը Սուրբ Տարւոյն։

Ողորմութեան մէջ ունինք փաստը թէ ինչպէս Աստուած կը սիրէ։ Ան ինքզինք կու տայ, ցմիշտ, ձրիաբար  առանց բան մը պահանջելու անոր փոխարէն։ Ան կը հասնի մեր օգնութեան  երբ Անոր դիմենք։ Յոյժ գեղեցիկ է Եկեղեցւոյ առօրեայ աղօթքը սաղմոսի այս բառերով` ''Ով Աստուած եկուր շուտով ազատէ զիս, Տէր, արտորա’ ինծի օգնելու''։ Օգնութիւնը որ իրմէ կը հայցենք արդէն առաջին քայլն է Աստուծոյ ողորմութեան մեզի հանդէպ։ Օրը օրին, իր  կարեկցութենէն  տպաւորուած, կարող պիտի ըլլանք մեր կարգին ուրիշներուն կարեկցիլ։ Իմ մեծ բաղձանքս է, որ քրիստոնեայ ժողովուրդը խորհրդածէ Յոբելենական Տարւոյն ընթացքին մարմնաւոր ու հոգեւոր  ողորմութիւն իրագործելու մասին, որպէսզի մեր սիրտը շարժի ու նմանի Աւետարանի սրտին։ 

Քահանայապետը ապա գրած է ''Արտակարգ Սուրբ Տարին կը սպասէ մեզի որ ամէն օր ապրինք  ողորմութիւնը որ Հայր Աստուած մեզի կը շնորհէ''։

Եկեղեցին  կը զգայ կարիքը քարոզելու Աստուծոյ ողորմութիւնը որ բոլորին սահմանուած է։ Եկեղեցին թող չի յոգնի տալու ողորմութիւն ու համբերատար` քաջալերելու ու մեղքերը թողելու։

Եկեղեցին թող ձայնը ըլլայ ամէն մարդու ու ամէն կնոջ, վստահութեամբ ու անդադար կրկնէ. ''Ով Տէր յիշէ քու գթութիւնդ եւ կարեկցութիւնդ, որովհետեւ յաւիտենական են''։








All the contents on this site are copyrighted ©.