2016-04-11 11:58:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 9 ապրիլին ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Քննարկուած են վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղ-Ազրպէյճան շփման գիծին  վրայ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակողական գործողութեանց իբրեւ  հետեւանք ստեղծուած իրավիճակը: Շեշտուած է զինադադարի դրութեան պահպանումը, վստահութեան նախաձեռնութեան շուտափոյթ կիրարկումն ու խաղաղ բանակցութիւններու վերսկսումը:

Նախարար Նալբանդեան Շեշտած Է Կացութեան Կայունացման Համար Հրատապ Քայլերու Անհրաժեշտութիւնը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան շաբաթավերջին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ճէյմս Ուորլիքը, Փիեռ Անտրիոն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ` Անճէյ Քասփրչիքը: Անոնք նախարար Նալբանդեանը տեղեակ պահած են Ստեփանակերտի մէջ Արցախի իշխանութեանց եւ Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ իրենց ունեցած հանդիպումներուն մասին:

«Բոլորին համար ակնյայտ է, որ այս յարձակումը նախօրօք ծրագրուած եւ նախապատրաստուած գործողութիւն էր: Պաքուն Լեռնային Ղարաբաղի դէմ կիրարկեց իր ունեցած ամբողջ զինանոցը, զոր ձեռք ձգած է վերջին տարիներուն: Պատահեցաւ այն, որմէ մենք յաճախ զգուշացուցած էինք եւ այս մէկը յանձնած միջազգային հանրութեան եւ համանախագահ երկիրներուն ուշադրութեան` թէ Պաքուի ուժի կիրարկումը կրնայ առաջնորդել այնպիսի հետեւանքներու, որոնց ականատես դարձանք այս օրերուն» ընդգծեց նախարար Նալբանդեան եւ աւելցուց. «Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու իբրեւ հետեւանք լուրջ հարուած ստացած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային գործընթացը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերը: Նախարար Նալբանդեան շեշտեց  հրատապ քայլերու անհրաժեշտութիւնը` իրադրութեան կայունացման համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.