2016-04-11 14:14:00

Իտալական Մոնաթէ Քաղաքը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Ապրիլ 7-ին Իտալիոյ Միլանօ նահանգի Մոնաթէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ժամանակ Իտալիոյ հայոց միութեան ղեկավար, փրոֆէսոր Պայքար Սվազլեանին Մոնէյթի քաղաքապետը յանձնած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը վկայող քաղաքապետարանի պաշտօնական փաստաթուղթը:

Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին տեղեկացուցած է Պայքար Սվազլեան եւ նշած, որ  փաստաթուղթը շուտով պիտի յանձնէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:

Հանդիսութենէն ետք ներկաներուն հետ միչեւ ուշ երեկոյ Արցախեան հարցի հետ կապուած քննարկումներ ծաւալած են, որուն ժամանակ ներկայացուած է Ատրպէյճանի կողմէ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած վայրագութիւններուն մասին:

Աւելցնենք նաեւ, որ Իտալիոյ հայ համայնքը կը պատրաստուի կազմակերպելու դրամահաւաք կազմակերպելու, որմէ ստացուած ողջ հասոյթը պիտի տրամադրէ վերջին օրերուն ատրպէյճանական զօրքին կողմէ հրահրած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով դժուարին կացութեան մէջ յայտնուած արցախցիներուն եւ հայ զինուորներուն: Կազմակերպիչները դրամահաւաքին մասին արդէն իրազեկած են համայնքային ներկայացուցիչներուն, կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.