2016-04-10 10:49:00

10 Ապրիլ 2016 - Գ Կիրակի Յինանց։ Աշխարհամատրան (Կանաչ Կիրակի) (Յովհ. 2,23 – 3,12)


Սիրելի հաւատացեալ եղբայներ եւ քոյրեր

Այսօր՝ Զատկուան յաջորդող երկրորդ կիրակին, ըստ մեր հայ ծէսին՝ դարձեալ եկեղեցւոյ տօն է, զոր կ'անուանենք Աշխարհամատրան Կիրակի, ինչպէս նաեւ Կանաչ Կիրակի։ ի մասնաւորի յիշատակումն է առաջին վերնատան մատուռին ուր առաքեալները քրիստոսի Համբարձումէն ետք կը հաւաքուէին, իրենց վարդապետը կը յիշէին, ու վերջին ընթրիքին իր տուած պատգամը կը կատարէին հացն ու գինին օրհնելով, կ'աղօթէին ու կը ճաշէին, միասիրտ ու միախորհուրդ։ Այնտեղ է որ Ս. Հոգին հրեղէն լեզուներու կերպով իջաւ անոնց վրայ, զօրացուց, ներշնչեց ու հաստատեց զիրենք Յարուցեալ Քրիստոսի հաւատքով. իսկ անոնք անկէ մեկնելով ամէնուր բոլոր ազգերուն քարոզեցին եւ տարածեցին Քրիստոսի աւետարանը։

Այսօր կը կարդանք առաքեալներու գործերէն Կոռնելիոս հարիւրապետին դրուագը, թէ ինչպէս աստուածավախ ու երկիւղած այս հռոմէացի զինուորականը, իր աղօթքներուն եւ ողորմութեան համար, Աստուծմէ ստացաւ շնորհքը ըլլալու առաջին հեթանոսներէն՝ որ հաւատացին Քրիստոսի, ծնան Ս. Հոգիով ու ջուրի մկրտութեամբ քրիստոնեայ դարձան ու մաս կազմեցին նորափթիթ եկեղեցիին։

Աստուծոյ առաջնորդութեամբ, Ս. Պետրոս ուղղուեցաւ Կորնելիոսի տունը հակառակ հեթանոս ըլլալուն, ականատես եղաւ Ս. Հոգիին միջամտութեան, խօսեցաւ իրենց Քրիստոսի մասին ու մկրտեց զանոնք։ Այդ օրուընէն եկեղեցին ըդարձակեցաւ տարբեր ազգեր ներառելով իր մէջ, բոլոր անոնք որ հաւատացին Քրիստոսի, եւ ընդունեցան աւետարանի ճշմարտութիւնները։

Յիսուս այսօրուան աւետարանին մէջ կը շեշտէ թէ ով որ ջուրէն ու հոգիէն չծնի չի կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել, որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը հոգի։ Հոգիէն ծնածները կանչուած են սրբութեան, կատարելութեան ու յաւիտենական կեանքին։

Քրիստոս աշխարհ եկաւ, մարմնանալով Ս. Կոյս մարիամէն, քարոզեց, հրաշքներ գործեց, յայտնեց մեզի երկնային ճշմարտութիւնները ու Հօր Աստուծոյ կամքը։ Ան տուաւ մեզի իր օրինակը, խօսքերն ու մանաւանդ սիրոյ պատուիրանը, յորդորեց դառնալ խաղաղարարներ, հոգիով աղքատներ, սիրոյ վշտակիրներ, հալածանքն ու նեղութիւնը կրողներ, յատկապէս իր անունին համար։ Խաչի վրայ պատարագուելով, մեր Տէրը ինքզինք ընծայեց իբր փրկագին, մեզ ազատելու համար մեղքի կապանքներէն, ու մահուան կորուստէն, իր մահով ու հրաշափառ յարութեամբ, նոր կեանք պարգեւեց մեզի, դարձնելով մեզ Աստուծոյ որդիներ, ու յաւիտենական կեանքի ժառանգորդներ։

Կանաչ յատկանիշը կը խորհրդանշէ ծաղկած, դալար ու բեղուն եկեղեցին որ իր մարտիրոսներով, վկաներով ու սուրբերով, ընձիւղեցաւ ու աճեցաւ։ Ինչպէս նաեւ կը բնորոշէ անոր յարատեւութիւնն ու անմահութիւնը։

Եկեղեցին Ս. Հոգիով լուսաւորուած ու զօրացած, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, պահպանելով առաքեալներէն ու Ս. Հայրերէն աւանդուած հաւատքի ճշմարտութիւններն ու քրիստոնէական արժէքները, ու կը հրաւիրէ բոլոր ազգերը խաղաղութեան, եղբայրական սիրոյ եւ բարեգործութեան։

Մեր աղօթքները բարձրացնենք Յարուցեալ Փրկիչին, ու իրմէ հայցենք, Աստուածամօր բարեխօսութեամբ, իր գթութիւնն ու ողորմութիւնը, որ դադրին պատերազմները, ու աշխարհի վրայ ամէնուր տիրէ խաղաղութիւն, եղբայրութիւն, սէր ու բարութիւն, յատկապէս մեր հայրենիքի տարածքներէն ներս։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.