2016-04-09 23:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 9 ապրիլին թուիթները՝ ընտանիքին վերաբերեալ


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ, 9 ապրիլ 2016-ին, իր թուիթերեան կայքին վրայ հրատարակեց զանազան թուիթներ, որոնց մէջ անդրադարձաւ ընտանիքներու մէջ գտնուող հաշմանդամ անձերուն հաստատելով թէ անոնք պարգեւ  մըն են ուրախութեան եւ միութեան ապա  այլ թուիթի մը մէջ ընդգծեց՝ թէ տկարացնել ընտանիքը՝ որ հիմնուած է ամուսնութեան վրայ  ոչ մէկ օգուտ ունի` ընկերութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապի առաջին թուիթը.

՝՝Հաշմանդամ անհատները ընտանիքին համար  պարգեւ մըն են  եւ  հնարաւորութիւն՝  սիրոյ մէջ աճելու,  ինչպէս նաեւ փոխադարձ օժանդակութեան եւ միութեան մէջ՝՝։

Ֆրանչիսկոս Պապի երկրորդ թուիթը

՝՝Ոչ մէկը կրնայ մտածել թէ` որպէս բնական ընկերութիւն` հիմնուած ամուսնութեան վրայ ընտանիքը տկարացնելը,  ընկերութեան համար օգտակար է։

Իսկ երրորդ թուիթին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ գրեց հետեւեալը

՝՝Ընտանիքին զօրութիւնը էականօրէն կը կայանայ  սիրելու  եւ սիրել ուսուցանելու կարողութեան մէջ՝՝։

Սրբազան Քահանայապետի թուիթերեան կայքին վրայ հրատարակուեցան հուսկ այլ թուիթներ.

''Ամէն մէկ ընտանիք, հակառակ իր տկարութեան, կարող է դառնալ աշխարհի մթութեան մէջ լոյս մը''։

''Ամուսնութեան եւ ընտանիքին  հայող մեր վարդապետութիւնը, չի կրնար դադրիլ ներշնչում ստանալէ սիրոյ եւ քնքշութեան աւետիսի լոյսէն''։


 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.