2016-04-09 09:47:00

Հակառակորդը կը շարունակէ խախտել պայմանաւորուածութիւնը


Ապրիլ 7 լոյս 8-ին՝ Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ողջ երկայնքով՝ հակառակորդը շարունակած է խախտել հրադադարի շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, որուն ընթացքին կիրառած է տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ (2000-էն աւելի կրակոց), ինչպէս նաեւ 60 միլիմեթրանոց ականանետ (2 արկ): Առաւել մեծ խախտումներ արձանագրուած են սահմանագօտիի հիւսիսային (Թալիշ) ուղղութեամբ, որոնց հետեւանքով նահատակուած է շարքային պայմանագրային, 1983-ի ծնունդ Հրաչ Սամուէլի Մուրատեանը: Կան վիրաւորներ:

Առաջնագիծի այլ` հիւսիսարեւելեան հատուածին, դեռ լրիւ չպարզուած հանգամանքներով, նահատակուած է 1996-ի ծնունդ շարքային զինծառայող Գէորգ Աշոտի Մղտեսեանը:

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուածներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.