2016-04-09 08:51:00

Դաշնակցային Ռուսիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կառուցման 25-րդ տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Յառաջ ընթանանք ու գոհութիւն մատուցանենք ամենակալ Տիրոջ, այս 25 տարիներուն համար։ Գոհաբանութեան աղօթքի իննօրեայ կատարենք ու երախտապարտ ոգիով աղերս բարձրացնենք որպէսզի մեր սրտերը միշտ ջերմ ու երախտագէտ ըլլայ''։ Այսպէս կը գրեն դաշնակցային Ռուսիոյ լատին թեմերու եպիսկոպոսները, որ 13 Ապրիլին պիտի վերակոչեն կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերահաստատման 25-րդ տարեդարձը։

 Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալները արդարեւ` Սովետական Միութեան 70 տարիներուն ընթացքին, ապրեցան ճանապարհ խաչ մը, լի դաժան հալածանքով, որուն ընթացքին եկեղեցական կառոյցները կոտորուեցան։

Կաթողիկէ ռուս եկեղեցւոյ ողբերգական և միաժամանակ փառաւոր էջերու մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ այն պատմական հանդիպումը որ տեղի ունեցաւ ընդմէջ ՅՊԲ-ի ու Կորպաչովի եւ որուն անմիջական պտուղը եղաւ Ս. Աթոռի ներկայացուցիչին հաստատումը Մոսկուայի մէջ` յանձին գերապայծառ Francesco Colasuonno-ի։

13 Ապրիլ 1991-ին կաթողիկէ եկեղեցին սկսաւ գործել դաշնակցային Ռուսիոյ ու կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն մէջ ։ Չորս Եպիսկոպոսները իրենց պատգամին մէջ կը հրաւիրեն հաւատացեալները ողջ պահելու յիշատակը բազմաթիւ նահատակներուն ու խոստովանողներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.