2016-04-08 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ''Սիրոյ ուրախութիւնը'' յորդորագիրի ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 8 ապրիլ 2016-ի կէսօրին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, ներկայացուեցաւ Ֆրանչսիկոս Պապին ընտանիքի սիրոյ մասին` “Amoris  laetitia – Սիրոյ ուրախութիւնը'' խորագիր կրող,  յետ-սիւնհոդոսական յորդորագիրը։

Ներկայացումը կատարեցին. Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերի` Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղարը, Կարդինալ ՔրիստոՖ Շոնպորն` Վիեննայի արքեպիսկոպոսը, եւ Ֆրանչեսքօ Միանօ ու Ճուզեփփինա Տէ Սիմոնէ ամոլը` առաջինը` Բարոյագիտական Փիլիսոփայութեան դասատու, Հռոմի Թոր Վերկաթա համալսարանին մէջ եւ երկրորդը Փիլիսոփայութեան դասատու` Նափոլիի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ։

Վերոնշեալ յորդորագիրի ներկայացման առթիւ. կարդինալ Պալտիսսերի`յայտնեց թէ իմաստալից է որ ''Սիրոյ ուրախութիւնը'' հրատարակուի Ողորմութեան յոբելենական տարւոյն մէջ։ Բնագիրին մէջ երեք տեղ կը խօսուի յոբելենական տարւոյն եւ ողորմութեան մասին եւ վեց անգամ մէջբերումներ կան Յոբելենական տարւոյն կոնդակէն։

Սոյն փաստաթուղթը, յայտնեց միշտ կարդինալ Պալտիսսերի, կ՛եզրափակէ երկու տարի տեւող Սիւնհոդոսական աշխատանքները ընտանիքի մասին որ` այսօր կ՛ապրի զօրեղ տագնապ մը համայն աշխարհին մէջ։ Մարդկային հասարակութիւնները, յատկանշուած հակամարտութիւններով եւ բռնութիւններով, կարիքը ունին հաշտութեան ու ներումի, սկսեալ ընկերութեան կենսական բջիջէն ` ընտանիքէն։

Amoris Laetitia- Սիրոյ ուրախութիւնը բնաբանը շարունակութիւնն է` Աւետարանի ուրախութիւն առաքելական յորդորագիրին։ Աւետարանի ուրախութենէն դէպի սիրոյ ուրախութիւնը ընտանիքին մէջ ըսաւ Կարդինալ Պալտիսսերի ապա մեկնաբանելով յորդոորագիրի պարունակութիւնը հաստատեց թէ անոր ընթերցումի բանալին կը գտնուի ''ողորմութեան հովուական խնամատարութեան տրամաբանութեան մէջ'' մատնանշելով թէ յորդորագիրը կազմուած է 9 գլուխներէ, ստորաբաժանուած 325 թիւերով եւ 391 ծանօթագրումներով եւ Սուրբ Ընտանիքին նուիրուած եզրափակիչ աղօթքէ։

Ինը գլուխներու ընթերն են` Նախաբանը` ներշնչուած Սուրբ Գրային ընթերցումներէն, ապա Ընտանիքի այժմէական իրավիճակը (Բ)­, հուսկ ընտանիքը Եկեղեցւոյ վարդապետութեան լոյսին տակ (Գ)։ Չորրորդ գլուխին մէջ կը խօսուի Ամուսնութեան սիրոյ մասին որ պտղաբեր կը դառնայ ընտանիքի կազմութեան մէջ (Ե), սոյն նիւթը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ յորդորագիրին մէջ։   Յաջորդ գլուխներուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը ներկայացնէ հովուական ուղեցոյց մը` կազմելու համար հաստատ եւ պտղաբեր ընտանիքներ, Աստուծոյ ծրագրին համաձայն (Զ ), ինչպէս նաեւ ամրապնդելու զաւակներու դաստիարակութիւնը (Է)։ Ութերորդ գլուխը հրաւէր մըն է Ողորմութեան եւ հովուական խնամակալութեան, ի տես այն կացութիւններուն, որոնք ամբողջութեամբ չեն համապատասխաներ Տիրոջ առաջարկներուն, մինչ իններորդ գլուխը յատկացուած է ընտանիքի հոգեւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.