2016-04-08 13:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ընտանիքի մասին ''Սիրոյ ուրախութիւնը'' յորդորագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ողորմութիւն եւ համալրում''`այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրապարակած յետ սիւնհոդոսական ''Amoris Laetitia - Սիրոյ ուրախութիւնը'' յորդորորագիրին սիրտը, որ կը կռէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ստորագրութիւնը եւ 19 մարտ 2016-ի թուականը, եւ որ կազմուած  է ինը գլուխներէ ու նուիրուած է  ընտանիքէն ներս սիրոյ։

Քահանայապետը կ՛ընդգծէ յատկապէս` ընտանիքի կարեւորութիւնն ու գեղեցկութիւնը հիմնուած այր ու կնոջ միջեւ կայացած ամուսնութեան անլուծութեան վրայ­, միաժամանակ հայեացքը սեւեռելով այն անձերուն որոնք  ''դիւրաբեկ'' իրավիճակ մը կ՛ապրին, ինչպէս` ապահարզան եղած եւ վերստին ամուսնացած անհատները, եւ այս առընչութեամբ կը քաջալերէ Հովիւները կշռադատումի դիմելու։

Յորդորագիրը պտուղն է ընտանիքի նիւթին մասին գումարուած երկու եպիսկոպոսական սիւնհոդոսներու (2014-ին եւ 2015-ին)


Աստուծոյ խօսքը ընտանիքէն ներս եւ փախստականներու ողբերգութիւնը։

Յորդորագիրի առաջին գլուխի նիւթն է ''Աստուծոյ խօսքը ընտանիքէն ներս եւ փախստականներու ողբերգութիւնը'' իսկ երկրորդ գլուխին նիւթն է` Ընտանիքի իրականութիւնն ու մարտահրաւէրները, հալածանքներու ծանր փորձանքը։ Նորին Սրբութիւնը կը նշէ ընտանիքներու դիմագրաւած հարցերը, բնակարաններու տագնապը, մանկամոլութեան հարցը, քրիստոնեաներու հալածանքը եւ ընտանիքի իրաւական վերակառուցումը որուն նպատակն է ''ամուսնութիւնը հաւասարեցնել այլ միութիւններու'' եւ միասեռականներու միջեւ կապի, Ճենտերի գաղափարախօսութիւնը....այս բոլորին դիմաց Քահանայապետը կը յանձնարարէ` ամուսնութեան խորհուրդը ներկայացնել` դրական եւ ընկալող հովուական խնամակալութեան աչքով, որ մօտիկ ըլլայ դիւրաբեկ անհատներուն եւ կարող ըլլայ` ցոյց տալու երջանկութեան ճանապարհը։

 

Ընտանիքի կոչումը եւ կեանքի իրաւունքի անքակտելիութիւնը։

Երրորդ գլուխին նիւթն է ''ընտանիքի կոչումը եւ կեանքի իրաւունքի անքակտելիութիւնը ուր Նորին Սրբութիւնը շեշտը կը դնէ ամուսնութեան անլուծութեան վրայ որպէս պարգեւ մը որ դէպի սրբութիւն եւ փրկութիւն կ՛առաջնորդէ։ Նորին Սրբութիւնը ապա կը մատնանշէ  մարդկային կեանքի մեծ արժէքին եւ նորածինի կեանքի իրաւունքի անքակտելիութեան, ընդգծելով հիւանդապահներու եւ առողջապահական մարզի մէջ ծառայողներու խղճի ազատութեան բարոյական պարտականութիւնը ինչպէս նաեւ բնական մահուան իրաւունքը եւ մահապատիժի մերժումը։

Ամուսնութեան սէրը բարեկամական սէր է

Ամուսնութեան սէրը բարեկամական սէր է նիւթը, կը հանդիսանայ չորրորդ գլխուն կեդրոնական նիւթը­­, որովհետեւ այդ սէրը, կը գրէ Քահանայապետը, աչքերը կը բանայ եւ թոյլ կու տայ հասկնալու թէ որքան արժէքաւոր է մարդ արարածը։ Սրբազան Հայրը ապա կ՛ընդգծէ զոյգերու սեռային կեանքը զայն որակելով որպէս ''սքանչելի նուէր'' որ   ''միայնձնային լեզուով'' կը նայի ''միւսին անձեռնմխելի եւ սրբազան արժէքին''։

Սէրը պտղաբեր կը դառնայ. Ամէն զաւակ իրաւունք ունի մայր մը եւ հայր մը ունենալ։

Հինգերորդ գլուխի նիւթն է ''սէրը պտղաբեր կը դառնայ. Ամէն զաւակ իրաւունք ունի մայր մը եւ հայր մը ունենալու։ Անդրադառնալով, ընտանիքէն ներս` որդեծնութեան եւ կեանքի ընկալման մասին Սրբազան Հայրը կ՛ընդգծէ սաղմի կարեւորութիւնը, որովհետեւ ''ամէն մանուկ ի սկզբանէ կը գտնուի Աստուծոյ սրտին մէջ''։ Ասկէ մեկնելով, Նորին Սրբութիւնը կը յորդորէ զաւակներուն նայիլ,  ոչ որպէս անձնական ձգտում այլ որպէս թանկարժէք մարդ արարած` որուն պէտք է յարգուի արժանապատուութիւնը, եւ որուն պէտք է ապահովուի հայր մը ու մայր մը ունենալու բնական իրաւունքն ու անհրաժեշտութիւնը։ Իսկ ամուլ զոյգերուն ուղղելով խօսքը, Նորին Սրբութիւնը կը բացայայտէ թէ մայրութիւնը կարելի է ապրիլ զանազան ձեւերով, զոր օրինակ, որդեգրութեան դիմելով։ Առ այդ`Քահանայապետը  հարկաւոր կը նկատէ այս առընչութեամբ դիւրացնել օրէնսդրութեան գործընթացը։

Հովուական մի քանի հեռանկարներ

Վեցերորդ գլխուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը խօսի ''Հովուական մի քանի հեռանկարներու մասին։ Մօտէն հետեւիլ նորապսակներուն, ընդգծելով ընտանիքին հայող յատուկ հովութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի ամուսնութեան խորհուրդի պատշաճ պատրաստութիւն կատարուի։ Սրբազան Քահանայապետը ապա կ՛ակնարկէ ամուսնալուծեալ զոյգերու ողբերգութեան, որ աճ կ՛արձանագրէ եւ զոր պէտք է կանխարգիլել, նկատի ունենալով նաեւ զաւակներու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ` ի տես բռնութիւններուն եւ չարաշահումներուն` համոզուելու թէ ''բաժանումը հարկաւոր է''։ Սոյն հատուածին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը խօսի նաեւ միասեռականներու մասին ընդգծելով անոնց արժանապատուութեան յարգանքը, սակայն զգուշացնելով որ անոնց միութիւնը հաւասար նկատուի ''Աստուծոյ ծրագրի համաձայն իրականացած ամուսնութեան''։ Եւ այս շրջագիծէն ներս, կը գրէ Սրբազան Հայրը, անհանդուրժելի է որ Եկեղեցւոյ վրայ ճնշումներ բանեցուին։

Զաւակներու դաստիարակութեան ամրապնդում։ Ծնողներու իրաւունք-պարտականութեան

Եօթներորդ գլխուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը խօսի զաւակներու դաստիարակութեան ամրապնդումի մասին եւ ծնողներու իրաւունք-պարտականութեան մասին, հաստատելով թէ դաստիարակութիւնը ըլլալու է` ''պատասխանատու ազատութեան զարգացում'' ինչպէս նաեւ ''հաւատքի փոխանցում''։

Դիւրաբեկութիւնները` առաջնորդել, զատորոշել եւ համալրել։

Ութերորդ գլխուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՛անդրադառնայ ''Դիւրաբեկութիւնները` առաջնորդել, զատորոշել եւ համալրել'' նիւթին,  որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ թէ յորդորագիրը ''նոր ընդհանրական իրաւական օրէնսդրութիւն մը չէ'' եւ թէ Հովիւները պարտական են քրիստոնեայ ամուսնութիւնը ներկայացնել որպէս մարդու եւ կնոջ միջեւ ազատ, հաւատարիմ ու բացառիկ միութիւն,  միաժամանակ սակայն, անոնք պէտք են ողորմութեամբ նային ''խրթին իրականութիւններուն''։ Քահանայապետը ապա հաստատեց թէ Եկեղեցւոյ ճանապարհը ''Յիսուսի ճանապարհն է, որ է ''ողորմութիւն եւ համալրում''. Ճանապարհ մը որ ոչ մէկը կը դատապարտէ յաւիտենական օրէն, այլ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը շնորհէ` բոլոր այն անձերուն որոնք զայն կը խնդրեն անկեղծ սրտով, որովհետեւ, կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը, Աւետարանի տրամաբանութեան մէջ ոչ մէկը յաւէրժ ապէս կարելի է դատապարտել։

Սրբազան Հայրը առ այդ կը յանձնարարէ խորհրդածել որոշ նիւթերու շուրջ, յատկապէս ամուսնալուծեալ զոյգերու Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին մօտենալու հարցի մասին. հաստատելով թէ հարկաւոր է յատուկ հարցերը քննարկել ու լուծում գտնել կշռադատութեամբ, որովհետեւ, Սրբազան Քահանայապետին խօսով, ''Սուրբ Հաղորդութիւնը կատարեալներու մրցանակ մը չէ այլ տկարներու համար սնունդ''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա կ՛ընդգծէ թէ ''Եկեղեցին պէտք չէ երբեք հրաժարի ամուսնութեան իսկական իտէալը ներկայացնելէ ու միաժամանակ պէտք է նկատի առնէ  դիւրաբեկ անձերու հարցերը։


Ընտանեկան եւ ամուսնական հոգեւորութիւնը։ Քրիստոս կը լուսաւորէ դառն օրերը։

Իններորդ գլխուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՛անդրադառնայ ''Ընտանեկան եւ ամուսնական հոգեւորութեան։ Քրիստոս կը լուսաւորէ դառն օրերը, նիւթին, ուր հրաւէր կ՛ուղղէ ընտանիքին մէջ ապրելու աղօթքի պահեր, որովհետեւ Քրիստոս` ընտանեկան դառն օրերը կը միացնէ եւ կը բիւրեղացնէ, ապա կոչ կ՛ուղղէ ընտանիքներուն ամուսնական կեանքը նկատելու ուղեւորութիւն մը ու աշխարհի ընտանիքները կը հրաւիրէ ''քալելու դէպի յառաղ'' եւ երբեք չկորսնցնելու յոյսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.