2016-04-08 23:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 8 ապրիլի թուիթները հայող ''Սիրոյ Ուրախութիւնը'' յորդորագիրին


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ, 8 ապրիլի 2016-ին, ընտանիքի մասին հրապարակած առաքելական յորդորագիրին առթիւ,  Ֆրանչիսկսո Պապ իր թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակեց թուիթ մը,  որուն մէջ հաստատեց՝ թէ ընտանիքի ուրախութիւննը կը համապատասխանէ եկեղեցւոյ ուրախութեան։

՝՝Ընտանիքի մէջ ապրուած ուրախութիւնը է նաեւ  եկեղեցւոյ ուրախութիւնը՝՝   գրեց  Ֆրանչիսկոս Պապ։

Աւելի ուշ Սրբազան Քահանայապետը հրատարակեց այլ թուիթ մը որուն մէջ գրեց. ''Աստուծոյ խօսքը ճանապարհորդութեան ընկեր մըն է նաեւ ընտանիքներուն որոնք տագնապի մէջ են եւ կամ ցաւ մը կ՛ապրին''։

Իսկ երեկոյեան հրապարակեց այլ երկու թուիթներ.

''Ընտանիքի բարիքը վճռական է աշխարհի ապագայի համար''

''Ընտանիքը բարիք մըն է որմէ ընկերութիւնը չի կրնար զիջիլ եւ կարիքը ունի պաշտպանութեան։'' 








All the contents on this site are copyrighted ©.