2016-04-08 12:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը ''Papal Foundation'' հիմնարկի պատուիրակութեան անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ , 8 ապրիլ 2016-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Papal Foundation հիմարկի 225 անդամները, որոնք Վատիկան եկած էին իրենց տարեկան ուխտագնացութիւնը կատարելու։

Պատուիրակութեան ուղղած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  ողջունելէ ետք ներկաները իր խնդակցութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց անոնց ` աշխարհի  եկեղեցւոյ եւ Պապի ի սպաս վեհանձն գործունէութեան համար

 Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով հիմնարկի Հռոմ կատարած այս  տարուայ ուխտագնացութեան, զոր տեղի կ՝ունենայ Ողորմութեան Յոբելինական Սուրբ տարուան ծիրէն ներս , յայտնեց թէ  Ողորմութեան Սուրբ տարին այն  ժամանակաշրջանն է ,որուն ընթացքին կը խոկանք Ողորմութեան Խորհուրդին մասին՝ որ է  ուրախութեան ակնաղբիւր, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան  աղբիւր, որմէ կախեալ  է մեր Փրկութիւնը։

 Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  հաստատեց թէ  Քրիստոսի կողմէ կանչուած ենք,   սոյն ողորմութիւնը բաժնեկցելու բոլոր այն անձերուն հետ , որոնք հոգեւոր եւ նիւթական կարիքը ունին  եւ  այս մէկը իրականացնելու ենք ողորմութեան հոգեւոր եւ նիւթական գործերու միջոցաւ,  ինչպէս նաեւ այն շքեղ եւ վեհանձն հոգիով որ կը ցոլացնէ   Աստուծոյ անսահման բարեացակամութիւնը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ  հիմնարկի անդամներուն բարեսիրական գործունէութիւններուն  հուսկ` ճառին աւարտին.  մաղթանք յայտնեց՝ որ Աստուծոյ շնորհքով, հիմնարկի այս տարուան ուխտագնացութիւնը հանդիսանայ սրբութեան եւ Աստուծոյ Ողորմութեան   փորձառութեան  ուժեղ հրաւէր մը։ Ապա խօսքը եզրափակեց մէջբերելով Սուրբ Պօղոսի խօսքերը  ՝՝Երբեք չի տքնինք բարիք կատարելէ՝՝ու  ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.