2016-04-08 08:45:00

Սուրբ Երկրէն 700 երիտասարդները կը մասնակցին Քրաքովիայի ԵՀՕ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ս. Երկրէն. Իսրայէլէն, Պաղեստինէն, Կազայէն ու Կիպրոսէն եկած աւելի քան 700 երիտասարդներ, կը մասնակցին Քրաքովիայի յառաջիկայ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ հաւաքին որ նախատեսուած է Յուլիս ամսոյն վերջը եւ զոր կը գլխաւորէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։։

Լեհաստանի մէջ երիտասարդները մէկ շաբաթ առաքելութիւն պիտի կատարեն Վարշաուայ մայրաքաղաքին մօտ, առիթ ունենալով հանդիպելու աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած իրենց հասակակիցներուն։  Անոնք Թել Ավիւի “Ben Gurion” միջազգային օդակայանէն պիտի մեկնին, շնորհիւ իրենց շնորհուած յատուկ արտօնութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.