2016-04-08 10:00:00

Ճափոնի մէջ վերագտնուած են ֆրանչիսկեան նահատակ եւ առաքեալ հայր Սիտոթթիի աճիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ճափոնի իշխանութիւնները վերահաստատած են հարազատութիւնը աբբահայր Giovanni Battista Sidotti-ի աճիւններուն, որ երկու տարի առաջ յայտնաբերուած էին Թոքիոյի մէկ քարայրի մը մէջ։

Հայր Սիտոթթի եղած է վերջին առաքեալը այդ հողամասին։ Անոր աճիւնները 300 տարիէ կորսուած էին։ Հայր Սիտոթթի ծնունդով Սիկիլիացի` Հռոմէն մեկնեցաւ դէպի Ճափոն  Մանիլայի ճամբով, 1708 թուականին։

Ան անմիջապէս ձերբակալուեցաւ և մի քանի հարցաքննութիւններէ ետք, բանտ նետուեցաւ։ Այդ հարցաքննութեան շնորհիւ ճափոնը ճանչցաւ կաթողիկէ կրօնքը ու Եւրոպայի պատմութիւնը։

Հայր Սիտոթթի մեռաւ Բանտին մէջ ու անոր մարմինը փոսի մը մէջ նետուեցաւ, նորապսակ զոյգի մը հետ միասին, որոնք բանտին մէջ ճանչցած էին Հայր Սիտոթթին ու անոր շնորհիւ բանտին մէջ ընդունած էին քրիստոնէական կրօնը։ 

Շուրջ 150 տարի առաջ յայտնուեցաւ ձեռագիր մը որ կը խօսի Ճափոնի վերջին առաքեալ Հայր Սիտոթթի մասին։ Հեղինակը` Հայր Սիտոթթիի նոյնինքն հարցաքննիչն էր։ Ի լուր անոր աճիւններու յայտնաբերումին, Ճափոնի մէջ ծառայող եղբայր Mario Tarcisio Canducci` աճիւններու յայտնաբերումին դէպքը ներկայացնելով քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններուն հաստատեց. ''Ողորմութեան յոբելենական տարւոյն ընթացքին սքանչելի արեւ մը կը ծագեցաւ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.