2016-04-08 09:19:00

ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները այցելեցին Արցախ


Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան 7 ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա), Ճէյմզ Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցումով` հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են վերջերս Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան Ազրպէյճանի ուխտադրուժ նախայարձակումը  նկատած է Հարաւային Կովկասի եւ յարակից շրջաններու մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան դէմ ուղղուած ամէնէն մեծ վտանգներէն մէկը` զայն որակելով նաեւ քաղաքակիրթ հանրութեան համար լուրջ մարտահրաւէր:

Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը կասեցնէ եւ պիտի կասեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան դէմ ուղղուած որեւէ ոտնձգութիւն` աւելցնելով, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակէն կ՛ակնկալէ առնել խիստ եւ հասցէական գնահատականներ ու քայլեր` Ազրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան նկատմամբ:

Համանախագահներն ու Ա. Քասփրչիք նաեւ տեսակցութիւն ունեցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Լեւոն Մնացականեանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Արցախի պաշտպանութեան նախարարը  անդրադարձած է ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումներուն, ներկայացուցած է անհերքելի ապացոյցներ ազրպէյճանական զինուորական յաձակումներուն եւ մասնաւորապէս` խաղաղ ազգաբնակչութեան դէմ կատարուած անմարդկային քայլերուն վերաբերեալ:

Համանախագահները, իրենց հերթին, վերահաստատած են խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով տագնապը լուծելու միտուած քայլերուն  անհրաժեշտութիւնը եւ քննարկած այդ ուղղութեամբ իրականացուելիք հետագայ գործընթացներու հեռանկարը:

Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան հետ տեղի ունեցած հանդիպումներէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովը ըսած է. «Մենք երէկ կը գտնուէինք Պաքու, հանդիպումներ ունեցած ենք Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ, քննարկած տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակը կայունացնելու անհրաժեշտ քայլերը: Նոյն հարցը քննարկած ենք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան, զինուորականներուն հետ»: Ռուս համանախագահը յայտնած է, որ այսօր  Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում պիտի ունենան Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ: «Այնուհետեւ պիտի մեկնինք Երեւան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենանք Հայաստանի նախագահին, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ». ըսած է Իկոր Փոփով:








All the contents on this site are copyrighted ©.