2016-04-07 13:21:00

Ֆրանչիսկսո Պապի Խրուաթիոյ Վարչապետին հետ հանդիպումին հայող Սուրբ Աթոռի հաղորդագրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 7 ապրիլի 2016-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը  հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ 7 ապրիլի առաւօտեան, Վատիկանի մէջ ընդունեց Խրուաթիոյ հանրապետութեան վարչապետը  տիար Թիհոմիր Օրեսքովիչը,  պր ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինին հետ` որուն կ՛ընկերանար վատիկանի արտաքին յարաբերութեան բաժանմունքի ենթաքարտուղար գերապայծառ Անթուան Քամիլլերին։

 Հաղորդագրութեան մէջ նշուած  է ՝ թէ  Սուրբ Աթոռի եւ Խրուաթիոյ դիւանագէտներու միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցած է սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին դիւանագէտները ի յայտ բերած են  Խրուաթիոյ եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւնները , վերահաստատելով միասնական կամքը յարատեւելու  կառուցողական  երկխօսութիւնը, երկկողմանի նիւթերու շուրջ հայող  եկեղեցական եւ քաղաքացիական յարաբերութիւններուն։ ։

 Ապա յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Խրուաթ հաւատացնելներու   Երանելի  Alojzije Stepinac հանդէպ ունեցած յատուկ ջերմեռանդութեան մասին եւ  Պոսնիա Հերցեկովինայի մէջ Խրուաթ ժողովուրդի իրավիճակին մասին։

 Միջազգային եւ շրջանային գետնի վրայ երկու դիւանագէտները մտահոգութիւն յայտնեցին յատկապէս Միջին Արեւելքէն գաղթականներու մարդկային տագնապին նկատմամբ. ինչպէս նաեւ աշխարհի զանազան վայրերը յուզող հակամարտութիւններուն, եւ քաղաքացիական համակեցութիւնը խախտող արարքներուն  ի տես։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.