2016-04-07 09:24:00

Հարստահարուած քրիստոնեաներ։ Քրիստոնեայ կրօնապետերու վեհաժողով Մոսկուայի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 28-30 հոկտեմբեր,  Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ քրիստոնեայ կրօնապետերու վեհաժողով մը հայող հարստահարուած քրիստոնեաներու պաշտպանութեան։ Հանդիպումը կը կայանայ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ ու ԱՄՆի Քարոլայն նահանգին մէջ կեդրոն ունեցող ''Պիլլի Կրահամ'' աւետարանական ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ։

Վեհաժողովին կը նախատեսուի մասնակցութիւնը 150 երկիրներէն եկած աւելի քան հազար պատուիրակութիւններու։

''Նման ծաւալ ունեցող դէպք մը հետեւանքն է Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի ու աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ, քրիստոնեաներու դէմ տեղի ունեցող հալածանքին'', կը հաղորդագրէ Ռուսիոյ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ արտ գործ նախարարութեան գրասենեակը։ Քրիստոնեաներու դէմ հալածանքը աննախընթաց դէպք մըն է ժամանակակից պատմութեան մէջ, առանց մոռնալու քրիստոնէութեան արշալոյսին տեղի ունեցած հալածանքները ու 20-րդ դարու աստուածամերժ վարչակարգերու հալածանքները։ ''Ներկայիս քրիստոնեաներու դէմ տեղի ունեցող լայնածաւալ չարիքը կարող չէ մեզ անտարբեր թողուլ'' կը կարդանք Մոսկուայի պատրիարքութեան հրատարակած տեղեկագիրին մէջ։ Վեհաժողովին կէտ նպատակն է որոնել միջոցներ`  իրավիճակը փոխելու համար։

Մոսկուայի պատրիարքութեան տեղեկագիրը կ՝ընդգծէ որ 2015-ը հալածուած քրիստոնեաներուն համար եղաւ ամենավատ տարիներէն մին։








All the contents on this site are copyrighted ©.