2016-04-07 09:34:00

Եւրոպա գաղթած քրիստոնեաները Սատատ կը վերադառնան։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սուրիոյ Սատատ քաղաքին մէջ արձանագրուած է Եւրոպա գաղթած առաջին քրիստոնեաներու վերադարձը։ Անոնք իրենց քաղաքէն հեռացած էին. խոյս տալու քաղաքացիական պատերազմի վտանգներէն''  կը հաղորդագրէ Սատատի քաղաքապետը Սուլէյման Խալիլի, մատնանշելով որ Ռուսիոյ զինեալ միջամտութիւնը ու զինադադարի կայունութիւնը, քաջութիւն ներշնչեց մի քանի քրիստոնեաներուն­, իրենց պապենական տունը վերադառնալու։

Սատատ քաղաքը նախքան զինեալ ընդհարումները կը հաշուէր 12 հազար բնակիչ, մեծամասնութեամբ աշուրի եւ օրթոտոքս ասորիներ։ Պատերազմի տարիներուն աւելի քան հազար հոգիներ հայրենիքէն հեռացան, ներառեալ ասորի օրթոտոքս առաջնորդը` գերապայծառ Selwanos Boutros Alnemeh։ Եկեղեցական աղբիւրներու համաձայն հոկտեմբեր 2013-ին Ալ Նուսրա` բռնագրաւելով քաղաքը ջարդած է բազմաթիւ քաղաքացիներ։ Վերջին երեք ամիսներուն, կը հաղորդագրէ միշտ քաղաքապետը, շուրջ հարիւր քրիստոնեաներ տուն վերադարձան եւ կը սպասուի վերադարձը աւելի քան 200 այլ քրիստոնեաներուն։ նշենք որ Սատատ քաղաքը կը գտնուի Դամասկոսի ու Հոմսի միջեւ, ունի 15 եկեղեցիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.