2016-04-07 09:16:00

Արցախ. Սահմանային զինադադարը կը պահպանուի։


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին համաձայն, 5 ապրիլի գիշերը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանի ամբողջ երկայնքով իրավիճակը համեմատաբար խաղաղ էր, հանդարտութիւն կը տիրէր նաեւ օրուան ընթացքին: Հակառակորդին կողմէ տեղ-տեղ կրակոցներ հնչած են, բայց երկկողմանի համաձայնութեամբ 5 ապրիլի կէսօրէն սկսած կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը, ըստ էութեան, պահպանուած է, մանաւանդ եթէ  բաղդատենք 1-5 ապրիլ տեղի ունեցածին հետ:

6 ապրիլի երեկոյեան Արցախի պաշտպանութեան բանակի գործադիր իրազեկման կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղի ունեցած դէպքերուն մասին տուեալներ փոխանցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի գործադիր բաժինի պետ գնդ. Վիքթոր Առուստամեան: Ան դիտել տուած է, որ զինադադարի պայմանաւորուածութենէն ետք ալ շփման գիծի ամբողջ երկայնքով կրակոցները շարունակուած են: Հիւսիսային ուղղութեամբ ականանետեր օգտագործուած են: Արեւելեան ուղղութեամբ եւ հարաւը` աւելի մեծ ու ծանր ականանետեր, իսկ հիւսիսը ինքնաշարժ մը հարուած ստացած է հրասայլի մը կողմէ:

«Բացի ատկէ, այսօր առաւօտեան (6 ապրիլին) առանձին խմբաւորումներ հիւսիսի ուղղութեամբ քանի մը անգամ փորձած են յարձակում գործել եւ գրաւել դիրքեր, սակայն անոնց փորձերը չեն յաջողած: Մարտական գործողութիւններու ամբողջ ընթացքին կորուստները կազմած են 32 զոհ, 121 վիրաւոր եւ 25 անյայտ կորսուած:

Նոյն օրերուն բանակը կորսնցուցած է 14 հրասայլ, խաղաղ բնակչութեան պատկանող գոյքերուն հասած վնասները տակաւին չեն գնահատուած:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր, որ Քարվաճառի մէջ զոհուած են երկու զինուորներ`  1997-ի ծնունդ, Արտաշատի զինուորական կեդրոնի ծառայողներ Սուրէն Արթուրի Արամեանը եւ Գրիգոր Հերմոնի Աւետիսեանը:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան Ստեփանակերտի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատած է, որ ղարաբաղեան¬ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ զինադադարի պայմանաւորուածութեան թեր է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: «Տագնապի երկու կողմերն ալ` Լեռնային Ղարաբաղն ու Ազրպէյճանը, նաեւ Հայաստանը ներքաշուած են այս տագնապին մէջ: Ազրպէյճանի ոչ կառուցողականութեան պատճառով Լեռնային Ղարաբաղը այժմ ոչ լիարժէք կողմ է, սակայն համանախագահները կու գան Արցախ, բանակցութիւններ կը վարեն Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան հետ», յայտնած է ան: Բաբայեանի համաձայն, ներկայիս բանակցութիւններու ձեւաչափը խեղաթիւրուած է, քանի որ ի սկզբանէ եղած են բանակցութեան երեք կողմեր: «Եթէ նկատի ունենանք պաշտօնական իրաւաբանական մասը, ապա պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, բայց մենք այդ համաձայնութեան իրագործողն ենք եւ կը հանդիսանանք այդ պայմանաւորուածութեան կողմերէն մէկը», նշած է ան:

Դ. Բաբայեան վերահաստատած է, որ հայկական կողմը դիրքային կորուստներ չունի. «Երբ ազրպէյճանցիները կ՛ըսեն «ազատագրուած տարածքներու ամրապնդում», անոնք աւելի շատ նկատի ունին այն տարածքները, ուր իրենց բնակչութիւնը լքած եւ դուրս ելած է, իսկ անոնք բաւականին մեծ տարածքներ են` Բարդայի շրջան, Թարթառի շրջան: Ահագին մարդիկ հոնկէ հեռացած են, հիմնականին մէջ ատիկա նկատի ունին, որովհետեւ ռազմաքաղաքական, տարածքային կամ ինչ-որ այլ առումներով փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած», ըսած է ան:

Ան դիտել տուած է, որ 6 ապրիլին քանի մը շրջաններու մէջ արդէն սկսած են գործել կրթական հաստատութիւնները, որոնք ժամանակաւոր կերպով փակուած էին, աշակերտները արդէն դպրոց կը յաճախեն, ճաշարանները բաց են, կեանքը բնական կ՛ընթանայ, հաստատած է Դաւիթ Բաբայեան:

Զինադադարի նախօրէին ազրպէյճանական կողմը նաեւ ռմբակոծած էր սահմանամերձ Տաւուշի մարզի կարգ մը շրջաններ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան 6 ապրիլին տիրող կացութեան մասին խօսելով հաստատած է, որ հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին վրայ իրավիճակը խաղաղ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.