2016-04-07 09:33:00

Ազատամարտիկներուն աճիւնները ամփոփուեցան Սիսիանի պանթէոնին մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».– 6 Ապրիլին Սիսիանի պանթէոնին մէջ ամփոփուեցան ազատամարտիկ Մայիս Միրզոյեանի, Էդուարդ Ալեքսանեանի, Արմէն Բեգլարեանի, Սերգէյ Դանղեանի, Սեդրակ Ասրեանի եւ Եղիշէ Նիկալեանի աճիւնները: Անոնց հետ զոհուած ջոկատի անդամներէն Դաւիթ Սարգսեանի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի 7 Ապրիլին, իսկ աճիւնը պիտի ամփոփուի Շաղատի ազատամարտիկներու պանթէոնին մէջ: Անոնք զոհուած էին Մարտակերտի ճամբուն վրայ, երբ հակառակորդը անօդաչու սարքով ռմբակոծեց Սիսիանի ջոկատի հանրակառքը








All the contents on this site are copyrighted ©.