2016-04-06 14:01:00

Ֆրանչիսկսո Պապի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը ՝՝Ողորմութեան Աւետարանը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 6 ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապ կատարեց չորեքշաբթի օրուայ աւանդական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը,  որուն  կեդրոնական նիւթը եղաւ ''Յիսուս ՝Աստուծոյ Ողորմութեան լրում''։

՝՝Յիսուս՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուծոյ ողորմութեան մարմնացումն է։ Յիսուս իր ամբողջ երկնաւոր կեանքին ընթացքին արտայայտուեցաւ ողորմութեան մասին , ամբոխին հետ հանդիպելով, Աւետարանը հռչակելով, հիւանդները բուժելով, մեղքերու ներում շնորհելով։

Յիսուս տեսանելի  դարձուց  Աստուծոյ բաց  եւ անսահման  սէրը,  անշահախնդիր եւ ամբողջական սէրը, որ իր  լրումին հասաւ  խաչին վրայ զոհուելով։

՝՝Այո՝՝ ըսաւ  Սրբազան Հայրը, Աւետարանը՝ Ողորմութեան Աւետարանն է, որովհետեւ Յիսուս Ինքնին  Ողորմութիւն է։

 Ան ապա անդրադարձաւ, չորս աւետարանիչներուն մէջ ներկայացուած՝ Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան հաստատելով թէ Յիսուս աշխարհին չ՝երեւցաւ փողերու հնչիւններով  եւ ոչ իսկ դատաւորի կերպարանքով այլ՝ նազարէթ քաղաքի մէջ 30 տարի ծածուկ կեանք մը ապրելէ ետք, Յորդանանի գէտին ափին մօտեցաւ,  մեղաւորներու ամբոխին միացաւ՝մկրտուելու համար։ Ուրեմն` հաստատեց Սրբազան Հայրը Յիսուս իր առաքելութեան խորհուրդի սկիզբը յայտնուեցաւ Որպէս Մեսիա, իր վրան  կրելով  մարդկութեան բոլոր  պայմանները։

Յիսուս ամէն ինչ սկսաւ կատարել Յորդանանին գետին մէջ մկրտուելէ ետք, եւ այս եղաւ իրականացումը սկզբնական յայտագրին՝ այսինքն բոլորին փոխանցել Աստուծոյ Փրկարար Սէրը, վերջիններուն մօտիկութիւն ցուցաբերել՝ հաղորդելով անոնց Աստուծոյ ողորմածութիւնը՝ որ է ներում , ուրախութիւն եւ նոր կեանք։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց՝ թէ  Աստուծոյ Որդիին աշխարհ գալը, համայն  մարդկութեան համար ճշմարտապէս եղաւ Աստուծոյ Ողորմութեան ժամանակամիջոցի սկիզբը եւ  Յորդանանի գետին  մօտ գտնուող անձերէն քանիներ չի հասկցան Յիսուսի սոյն ժեսթի կարեւորութիւնը նոյնիսկ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ հիասթափ մնաց Յիսուսի վճռած որոշումէն։  Սակայն՝ ոչ  Երկնային հայրը ։ Ան՝ բարձունքէն  լսելի դարձուց իր ձայնը ըսելով ՝՝ասիկա Իմ սիրելի Զաւակս է  (Մարկոս 1,11). Այսպէս կատարելով  Հայր Աստուած հաստատեց իր Որդիին՝  Մեսիա ըլլալու որդեգրած ուղին ՝ աղաւնիի ներքեւ Սուրբ Հոգին Իր վրան իջնելով ։

Այսպէսով Յիսուսի սիրտը՝  Հօր Եւ Սուրբ Հոգիին սրտի միաձայնութեամբ, համայն մարդկութեան ցոյց տուաւ որ փրկութիւնը Աստուծոյ ողորմութեան պտուղն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  յորդորեց մեր հայեացքը սեւեռել Խաչեալ Յիսուսին, հաստատելով թէ  Խաչին վրայ է՝ որ Յիսուս աշխարին  ու մեր բոլոր գործած մեղքերը կը յանձնէ Աստուծոյ ողորմածութեան։ Ոչ մէկ բան եւ ոչ մէկ անձ դուրս կը մնայ Յիսուսի սոյն զոհաբերումի  աղօթքէն հաստատեց Սրբազան հայրը եւ խորհրդածութեան աւարտին անդրադարձ կատարեց Խոստովանանքի խորհուրդին մասին յարելով '' Խոստովանանքի խորհուրդը իւրաքանչիւրիս համար ժամանակակից կը դարձնէ խաչէն հոսող ներողամտութեան զօրութիւնը , եւ կը վերանորոգէ մեր կեանքին մէջ Յիսուսի ստացած ողորմութեան շնորհքը։ Ուստի պէտք չենք վախենալ մեր թշուառութենէն, որովհետեւ Սիրոյ զօրութիւն չի ճանչնար խոչընդոտներ եւ երբեք չի սպառիր։

Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց հաւատացեալները, որ  Յոբելինական Սուրբ Տարուան ընթացքին Աստուծմէ հայցենք Աւետարանի զօրութիւնը փորձարկելու շնորհքը, որ մեզ կարող կը դարձնէ ներում շնորհելու եւ աշխարհին  աւելի բարեացակամութեամբ նայելու։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.