2016-04-06 09:53:00

Գերապայծառ Քուճերոթթիի. Ուքրանացիները շնորհակալ են Ֆրանչիսկոս Պապին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ս. Աթոռի Ուքրանիոյ մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Քուճերոթթի, իր գոհունակութիւնը  յայտնեց ի տես ֆտանչիսկոս Պապի կոչին` ի սպաս իր բախտին լքուած Ուքրանիոյ ժողովուրդին։

Ներկայիս Ուքրանիոյ ժողովուրդը դժուար, եթէ ոչ յուսահատ, պայմաններու մէջ կ՝ապրի, ուր առողջապահութեան պակասը, տիրող սովը ու երիտասարդներու թափառաշրջիկութիւնը, տխուր տեսարաններ կը պարզեն։ ''Հակառակ այս տխուր իրավիճակին, միջազգային մամուլը անտարբեր է ու լուր կը մնայ'', ըսաւ Ս. Աթոռի առաքելական դեսպան` գերապայծառ Քուճերոթթի ելոյթ ունենալով ռատիովատիկանի հետ։ Վատիկանի Դիւանագէտը, յանուն Ուքրանիոյ ժողովուրդին, իր երախտագիտութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց ֆրանչիսկոս Պապին, անցեալ կիրակի օրը` Հրեշտակ Տեառն աղօթքին ընթացքին ուղղած կոչին ի տես, որով` պարզեց Ուքրանիոյ ժողովուրդին ողբալի կացութիւնը ու խնդրեց որ 24 ապրիլին Եւրոպայի բոլոր թեմերու ու ժողովրդապետութիւններու մէջ դրամահաւաք կատարուի, օգնութեան հասնելու Ուքրանիոյ բոլոր կարիքաւոր բնակիչներուն։

Գերապայծառ Քուճերոթթի մամլոյ ելոյթի ընթացքին ըսաւ. ''Ուքրանիոյ մէջ կը գործեն Յունածէս կաթողիկէ եկեղեցին ու Լատին եկեղեցին, որ թէեւ փոքրամասնութիւն կը կազմեն չեն զլանար իրենց սատարը բերելու մարդասիրական մարզէն ներս։ Քարիթասը օգնութեան ցանց մը կազմակերպած է ու կ՝աշխատի էականը ապահովել ընչզուրկերուն, սնունդ ու դեղորայք բաժնելով։

Don Orione միաբանութեան կրօնաւորուհիները, օգնութեան կը հասնին մանուկներու և աղջիկ մայրերուն, որոնք յաճախ զոհ են սեռային բռնաբարութեան զինուորներու կողմէ։ Առանց մոռնալու ծերուկներու ցաւալի ու սրտաճմլիկ կեանքի պայմանները։

Գերապայծառ Քուճերոթթի ցաւով դիտել տուաւ թէ առանց ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային կոչին, Ուքրանիոյ ընդհարումը պիտի շարունակէր մոռացութեան մէջ մնալ։ Ասիկա ցաւալի իրողութիւն մըն է` ընդհարում մը որ տեղի կ՝ունենայ Եւրոպայի մէջ։  Պապին դրամահաւաքի կոչը պիտի կատարուի Եւրոպայի մէջ ու Եւրոպան ինքնիրեն համար դրամահաւաք կը կատարէ։

Սրբազան Հայրը դիւանագիտական ու ռազմավարական գնահատումներ չի կատարեր, Ան ի ձայնը լսելի կ՛ընէ այնտեղ ուր տառապանք կայ, և կ՝ուզէ կարիքաւոր մարդոց մօտիկ գտնուիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.