2016-04-05 16:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ապրիլ ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 5 ապրիլ 2016-ին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին  ապրիլ ամսուան քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութեան մասին լսատեսողական պատգամը։  Աղօթքի դիտաւորութիւնն  է. ''Որպէսզի փոքր հողամշակները արդար փոխհատուցում ստանան իրենց արժէքաւոր աշխատանքին համար''։

Ստորեւ,  ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք Ֆրանչիսկոս Պապի ապրիլ ամսուայ  քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութեան պատկերասփռուած պատգամը։

 ՝՝Շնորհակալ եմ փոքրիկ հողագործ։  Քու բերած  նպաստդ էական է բովանդակ մարդկութեան համար։ Որպէս անձ՝ Աստուծոյ զաւակ, արժանի ես պատուաւոր կեանք մը  ունենալու։

Սակայն՝ հարց կու տամ ,  թէ ինչպէ՞ս  կը վարձատրուին քու գործած ջանքերդ։

Հողը՝ Աստուծոյ պարգեւն է։ Արդար չէ զայն շահագործել քիչերու օգուտին  համար՝ մեծամասնութիւնը  զրկելով իրենց իրաւունքներէն ու բարիքներէն ։

Ինծի հաճելի պիտի սեպուի որ հաշուի առնես զայն եւ քու ձայնդ միացնես իմ ձայնիս հետեւեալ աղօթքի դիտաւորութեան. ''Որպէսզի փոքր հողամշակները արդար փոխհատուցում ստանան իրենց արժէքաւոր աշխատանքին համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.