2016-04-05 12:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ապրիլ - մայիս ամիսներուն՝ սրբազան արարողութիւններուն յայտագիրը


(Ռատիօ Վատիկան)  Լոյս Տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ կատարուելիք 2016 տարուան ՝ Ապրիլ - Մայիս  ամիսներու արարողութիւններու յայտագիրը։

Կիրակի 17 ապրիլ 2016-ին, Սուրբ Զատկուայ չորրորդ կիրակին, առաւօտեան ժամը 9.15-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան որուն ընթացքին քահանայ կը ձեռնադրէ Հռոմի թեմէն շարք մը սարկաւագներ։

Կիրակի՝ 24 ապրիլ 2016-ին, ըստ  լատինաց ` Սուրբ Զատկուայ 5-րդ կիրակին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ կը մատուցէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ՝ Երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու  յոբելինական Սուրբ տարուայ նշումին առիթով։ ­

Մայիս ամսուան ընթացքին Ֆրանչիսկոս  Պապին նախագահած արարողութիւններուն շարքը սկիզբ կ՛առնէ հինգշաբթի, 5 մայիս 2016-ին, Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի համբարձման տօնի օրը։ Երեկոյեան ժամը 6.00-ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ  Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ աղօթքի հսկումի արարողութեան ''Սրբել արցունքները'' վերտառութեամբ։  

Կիրակի 15 մայիս 2016-ին, Պենտեկոստէի տօնի առթիւ, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ հանդիսաւոր Սուրբ եւ անմահ պատարագի արարողութեան ապա Հինգշաբթի, 26 մայիսին, Յիսուսի Մարմնի եւ արեան տօնի օրը,  Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի  անուան տաճարին մէջ, երեկոյեան ժամը 7.00-ին, Ֆրանչիսկոս քահանայապետը Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը մատուցելէ ետք, կը գլխաւորէ  դէպի Տիրամօր նուիրուած` ՝՝Մարիա Մաճճորէ՝՝ տաճար  ուղղուող աւանդական թափօրին,  ուր ապա տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան  պաշտամունքի արարողութիւնն ու օրհնութիւնը։

Իսկ՝ կիրակի 29 մայիս2016-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Ֆրանչիսկսո Պապ կը մատուցէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ,՝ Սարկաւագներու Յոբելինական Սուրբ տարուան նշումին առթիւ։

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.