2016-04-05 09:55:00

Տօն Սրբոյ Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան


Սրբոյ Կուսին Աւետման տօնը, որ այս տարի  զուգադիպած ըլլալով  Աւագ Շաբթուան, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ որոշումով   բացառաբար յիշատակուեցաւ 4 ապրիլին, Սրբոյ Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ մէջ եւս (Ժէիթաուի) նշուեցաւ երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 7․00-ին, Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի․ Հոգեւոր Տիրոջ նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս  գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանին կողմէ մատուցուած   հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ Պատարագով ։  Պատարագիչ գերապայծառի կողքին առընթերակայ վարդապետներն էին հայր Մովսէս Տոնանեան եւ հայր Եղիա Դերձակեան, իսկ սուրբ Խորանին կը սպասարկէին Զմմառու Վանքի նորընծայարանի սաները։ Երգեցողութիւնը կը կատարէր «Կիլիկիա» երգչախումբը։ Տօնական սուրբ պատարագը՝ արհիապատիւ Մանուէլ եպիսկ․ Պաթագեանի, գերյարգելի, գերապատիւ, արժանապատիւ քահանայ հայրերու եւ առաքինազարդ քոյրերու կողքին, կը համախմբէր Սուրբ Կուսին հանդէպ ջերմեռանդութեամբ առլի մեծ թիւով հաւատացեալներ։

Պատարագիչ գերապայծառ տէրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Սուրբ Կուսի աւետման դրուագին եւ հրաւիրեց հաւատացեալները հետեւելու խոնարհութեան, քրիստոնէական սիրոյ եւ Տիրոջ կամքին հնազանդութեան օրինակին զոր Տիրամայրը ցուցաբերեց իր «Այո»ն ըսելով Աստուծոյ կողմէ իրեն ուղղուած հրաւէրին՝ դառնալու Փրկչին մայրը։  «Աւետումը ոչ միայն Կուսին, այլ բոլորիս ուղղուած հրաւէր մըն է՝ ենթարկուելու Տիրոջ կամքին» ըսաւ գերապայծառը, որ իր քարոզի աւարտին խոր յուզումով անդրադարձաւ Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած  յարձակումին եւ Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին հերոսական դիմադրութեան։ Ան հրաւիրեց ներկաները աղօթելու ռազմաճակատին վրայ ինկած քաջարի  հայ մարտիկներու հոգիներուն եւ խաղաղութեան վերահաստատումին համար։ Գերապայծառ Տէրը իր խօսքը աւարտեց ընթերցելով այս մասին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրով կողմէ Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին յղուած զօրակցութեան գիրը։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերապատիւ Վարդան վրդ․ Գազանճեան՝ իր եւ իրեն օգնական փոխ ժողովրդապետ տէր Կարապետ Թադէոսեանի անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ բոլոր անոնց որոնք կը գործեն Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորութիւններու պատշաճ հիւրասիրութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.