2016-04-04 09:35:00

Վերադարձ դէպի ապաշխարութեան խորհուրդ՝ Ողորմութեան ս. Տարւոյն պտուղը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան տարւոյն գլխաւոր պտուղներէն մէկն է հաւատացեալներու վերադարձը ապաշխարութեան խորհուրդին` խոստովանանքին։ Անոնցմէ շատերը, տարիներէ ի վեր, չէին մօտենար խոստովանանքին­,  յայտարարած է գերապայծառ Krzysztof Nykiel. Վարիչը առաքելական դատարանի որ ապա կոչ ուղղած է խոստովանահայրերուն` որպէսզի ըլլան հայրական մարմնաւորումը, որ ապաշխարողին կ՝ըսէ ''բարի եկար տուն''։

Խոստովանանքի խորհուրդը` պաշախարութեան ու դարձի խորհուրդն է. Խորհուրդը հաշտութեան Աստուծոյ հետ, որ ինչպէս կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ` երբեք չի յոգնիր մեզ ներելէ, առ աւելին Ան նոյնիսկ կը մոռնայ մեր մեղքերը։

Յայտնենք թէ Ողորմութեան յոբելենական սուրբ տարին պիտի եզրափակուի Քրիստոս թագաւոր տօնին օրը՝ 20 նոյեմբեր 2016-ին­, ս. Պետրոս պազիլիքայի ս. Դրան փակումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.