(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, կիրակի 3 ապրիլին , Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, Ուքրանիոյ ի նպաստ կատարած կոչին ի տես ՝ օգնութեան հասնելու համար բռնութեան թիրախ դարձած Ուքրանիոյ ժողովուրդին, Երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2016-ին, Քահանայապետական ՝՝Քոր Ունում՝՝ բարեսիրական հաստատութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, լուսարձակի տակ առաւ Ուքրանիոյ ժողովուրդին անհրաժեշտ եւ կենսական կարիքները։
՝՝Քոր Ոնում՝՝ Մէկ Սիրտ քահանայապետական հաստատութիւնը յայտնեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապի ՝ Ուքրանիոյ ի նպաստ կատարած կոչը, կը զուգադիպի այնպիսի պահուն, ուր ընդհանրապէս Ուքրանիոյ տագնապի մասին քիչ կը խօսուի։ Սակայն ՝ Ուքրանիոյ կացութիւնը ողբերգական է. Ուքրանիոյ կառավարութեան տարածքին հսկողութեան տակ գտնուող սահմանագիծին վրայ՝ 800.000-էն աւելի անձեր, կարիքն ունին օժանդակութեանն, իսկ կառավարութեան հսկողութենէն դուրս գտնուող տարածքին՝ օգնութեան կարիքն ունեցող անձերուն թիւը կը գերազանցէ 2.700.000, որոնցմէ 500.000-ը անյապաղ օժանդակութեան կարիք ունին։
՝՝Քոր Ունում՝՝ բարեսիրական հաստատութիւնը հաղորդագրութաեան մէջ կը յայտնէ , թէ Ուքրանիոյ մէջ Կաթողիկէ հաւատացնելները երկրի բնակչութեան 10 առ հարիւրը կը հաշուեն։ Անոնք՝ փոքրամասնութիւն մը ըլլալով հանդերձ, ունին բաւարար կառոյցներ եւ օգնութեան կը հասնին կարիքաւորներուն։
Ֆրաչնսիսկոս Պապի Ուքրանիոյ ի նպաստ դրամահաւաքը, վերապահուած է անխտիր բոլոր կարիքաւոր անձերուն եւ պիտի բաշխուի կրօնական հաստատութիւններուն միջոցաւ։ Դրամահաւաքը եւ գումարի մատակարարումը վստահուած է ՝՝Քոր Ունում՝՝ հաստատութեան եւ այս առընչութեամբ պիտի կազմուի զանազան կրօններու պատկան պատասխանատուներու միջեւ օգնութիւնները համակարգող յանձնախումբ մը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |