2016-04-04 11:48:00

Հայաստանի Խորհրդարանը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ իրավիճակի սրումը. Յայտարարութիւն


Այսօր Ազգային ժողովը ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման եւ լայնածաւալ գործողութիւններու վերսկսման վերաբերեալ տարածած է յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ըսուի.

«Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ իրավիճակի աննախադէպ սրումը Լեռնային Ղարաբաղի հետ սահմանագիծի ողջ երկայնքով: 2016-ի Ապրիլի 1-2-ի գիշերը ատրպէյճանական բանակը սկսաւ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ:

«1994-ին Լեռնային Ղարաբաղի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած եռակողմ զինադադարէն ետք առաջին անգամ ըլլալով մեծ քանակութեամբ ծանր սպառազինութիւններու կիրառումը, Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակավայրերու ռմբակոծումը, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եղած ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումը ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ, որ Պաքուն կանգնած է հիմնահարցը ռազմական ճանապարհով լուծելու իր պատրանքը կեանքի կոչելու անհեռատես եւ վտանգաւոր ուղիի վրայ:

«Ատրպէյճանի այս արկածախնդիր քաղաքականութեան պատճառով կան բազմաթիւ զոհեր, որոնց մէջ նաեւ խաղաղ բնակիչներ: Վտանգուած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին անվտանգ ապրելու իրաւունքը: Ատրպէյճանի ահաբեկչական քաղաքականութիւնը լուրջ սպառնալիք է ողջ տարածաշրջանային անվտանգութեան համար:

«Ատրպէյճանի բռնապետական վարչակարգը, տառապելով իր իշխանութիւնը ամէն գինով պահպանելու մտասեւեռումով, կը փորձէ ներքին խնդիրներէն շեղել իր եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը եւ չի խորշիր ատոր համար զոհելէ մարդկային կեանքեր:

«Մենք մեր խորին  ցաւակցութիւնը կը յայտնենք պաշտպանական մարտերու ընթացքին զոհուած զինծառայողներու եւ խաղաղ բնակիչներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն եւ կը կիսենք կորստեան ծանր վիշտը, առողջութիւն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն:

«Բարձր կը գնահատենք Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի` իրավիճակի կայունացման ուղղուած գործողութիւնները, հայ զինուորներու մարտական պատրաստականութիւնը, հայրենիքը պաշտպանելու ընթացքին դրսեւորած անձնազոհութիւնն ու արիութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր հասարակութեան միախմբումն ու միասնականութիւնը:

« Կը դատապարտենք Ատրպէյճանի կողմէ 1994 թուականի զինադադարի պայմանագրի խախտումը, Արցախի ժողովուրդին խաղաղ ապրելու իրաւունքի ոտնահարումը, խաղաղ բնակչութեան եւ բնակավայրերու թիրախաւորումը, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջազգայնօրէն ընդունուած ձեւաչափով հիմնախնդրի լուծման ուղղուած ջանքերու նպատակային ձախողումն ու մերժումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը ռազմական ճանապարհով լուծելու քաղաքականութիւնը:

«Կոչ կ՛ընենք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հասցէական եւ համարժէք արձագանգել ստեղծուած իրավիճակի համար պատասխանատու ատրպէյճանական կողմին` կիրառելով յարձակողի նկատմամբ զսպման բոլոր մեքանիզմները` լարուածութեան յետագայ սրացումէն եւ տարածաշրջանը ապակայունացնող քայլերէն խուսափելու համար»:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ մեր գործընկերները իրենց բողոքի ձայնը կը բարձրացնեն` դատապարտելով Պաքուի ահաբեկչական քաղաքականութիւնը եւ կը միանան Ատրպէյճանը սանձելու միջազգային հանրութեան ջանքերուն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.