2016-04-04 09:27:00

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին դատապարտագիրը


Կիրակի.3 ապրիլ 2016-ին,  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը հետեւեալ դատապարտագիրը յղեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին` կապուած վերջին օրերու իրադարձութիւններուն հետ:

Մեծայա՛րգ Տիար Բակօ Սահակեան
Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ

Սիրելի՛ պարոն նախագահ,

Ապրիլի 1-2 գիշերուան ընթացքին, Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած նախայարձակ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծի երկայնքին տեղի ունեցող բախումներու մասին մեզի հասած լուրերը  խորապէս ցնցեցին մեզ: Մօտէն հետեւելով Ազրպէյճանի յարձակողական արարքներուն հետեւանքով ստեղծուած  եւ ամբողջ տարածաշրջանի կայունութիւնը վտանգող կացութեան զարգացումներուն, Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի զոհերու հարազատներուն մեր խորին վշտակցութեան եւ  խաղաղութեան վերահաստատումին ի խնդիր մեր աղօթքներուն կը միացնենք մեր ամբողջական զօրակցութիւնը Ղարաբաղի պետութեան, անոր քաջարի բանակին ու հերոս ժողովուրդին, միաժամանակ կոչ կ՛ընենք միջազգային  կառոյցներու ներկայացուցիչներուն անհրաժեշտ միջամտութիւնները կատարելու անյապաղ` վերահաստատելու համար զինադուլը եւ բանակցային գործընթացը: Կը վստահեցնենք ձեզի որ մեր բոլոր շփումներուն ընթացքին, մասնաւորաբար միջազգային մակարդակի վրայ, մեր զրուցակիցներուն ուշադրութիւնը պիտի հրաւիրենք ազրպէյճանական նախայարձակումին հետեւանքով ստեղծուած վտանգալից կացութեան վրայ եւ պահանջենք անոնց կողմէ դատապարտումը ազրպէյճանական նախայարձակումին եւ անոնց խաղաղասիրական միջամտութիւնները:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.