2016-04-03 11:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը''Ողորմութեան Սուրբ Տարին'' յիշատակելու բարեսիրական կառոյցով մը


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Սուրբ տարուան ծիրէն ներս, Շաբաթ 2 ապրիլ 2016-ին՝ երեկոյեան , Աստուածային Ողորմութեան տօնի Աղօթքի հսկումի աւարտին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ նախ քան իր Առաքելական օրհնութիւնը շնորհելը՝ արարողութեան ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն,  անպատրաստից խօսք մը ուղղելով անոնց յայտնեց,  թէ մի քանի օր առաջ , երբ կը զրուցէր  բարեսիրական  հաստատութեան մը ղեկավարներուն հետ,  գաղափար մը յղացած էր , որ որոշած է այսօր զայն արտայայտել։ ''Որքան գեղեցիկ պիտի ըլլար, եթէ՝  Ողորմութեան Սուրբ Տարուան՝ որպէս յիշատակ կառուցուի յուշակակոթող մը։ Իւրաքանչիւր  թեմ կառուցէ  դպրոց մը , կամ թմրամոլներու համար բուժարան մը'' յարեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց, որ իւրաքանչիւր թեմ   մտածէ  ''ինչ բան կրնայ թողուլ որպէս կենդանի յիշատակ, որպէս ողորմութեան կեանքի  աշխատանք, որպէս Յիսուսի կենդանի վէրք՝  Ողորմութեան Սուրբ տարուան առթիւ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.