2016-04-03 12:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ՝՝Ուրախ լեր՝՝ Մարեմեան աղօթքի առթիւ արտասանած խօսքը


(Ռատիօ Վատիկան)  Կիրակի, 3 ապրիլ 2016-ի՝ կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց  ՝՝Ուրախ լեր՝՝ Մարեմեան աղօթքը,  որմէ առաջ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ.

''Այս օրը , որ է սիրտը Ողորմութեան Սուրբ Տարուան, իմ մտածումս կ՝երթայ՝այն բոլոր ժողովուրդներուն, որոնք առ աւելիով ծարաւն ունին խաղաղութեան եւ համերաշխութեան։ Յատուկէն կը մտածեմ` Ուքրանիոյ ողբերգութեան, անոնց որոնք կը տառապին   բռնութեան հետեւանքներու պատճառաւ, կը մտածեմ անոնց որոնք կը շարունակեն մնալ  թշնամութեան թիրախ՝ հողերու վրա­յ, որոնք պատճառեցին հազարաւոր մեռեալներ , եւ այն անձերուն   -մէկ միլիոնէ աւելի-  որոնք ստիպուած եղան  լքելու իրենց երկիրը, գոյութիւն ունեցող ծանր տագնապի բերումով, որոնց շարքին  յատկապէս մանուկներն ու երէցները։

Աղօթքովս եւ մտածումովս իրենց ընկերանալէս անդին,  որոշեցի ձեռնարկել մարդասիրական աջակցութիւն անոնց  ի նպաստ, ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա յայտնեց՝ թէ յառաջիկայ 24 ապրիլ 2016-ին, Եւրոպայի բոլոր կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ դրամահաւաք, եւ այս ուղղութեամբ հրաւէր ուղղեց  բոլոր հաւատացեալներուն, միանալու սոյն  նախաձեռնութեան՝ առատաձերնօրէն  նպաստելով ձեռնարկին ։ 

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, թէ  դրամահաւաքի եղբայրասիրական  ժեսթը՝  նիւթական ցաւերը ամոքելէ անդին, կ՝ուզէ արտայայտել Քահանայապետի ու համայն Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը  բովանդակ Ուքրանիոյ։

Մաղթանքս  է, որ սոյն նախաձեռնութիւնը կարենայ անյապաղ նպաստել խաղաղութեան եւ իրաւունքի յարգանքի՝ այդ տառապեալ երկրին մէջըը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա  անդրադարցաւ  ''մարդասպան ականներու դէմ  համաշխարհային օրուան'',  որ պիտի նշուի վաղը` երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2016-ին,  հրաւիրելով հաւատացեալները՝ աղօթելու  այն  անթիւ անձերուն համար,  որոնք կը շարունակուին թիրախ դառնալ սարսափելի մարդասպան ականներուն, ինչպէս նաեւ աղօթելու` այն  քաջարի այրերուն ու կիներուն համար, որոնք  իրենց կեանքը կը վտանգեն՝ ականուած հողերը մաքրելու համար,  ոււ նորորգեց կոչը ունենալու առանց ականներու աշխարհ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց պատարագի բոլոր ներկաներուն, ապա հրաւիրեց միասնաբար աղօթելու ու դիմելու մեր Մօր` Աստուածամօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.