2016-04-03 10:07:00

Կիրակի 3 Ապրիլ 2016 Բ Կիրակի Յինանց։ Նոր Կիրակի (Յովհաննէս 1, 1-7)


Սիրելի հաւատացեալ Հայորդիներ,

Այսօր Հայ Եկեղեցին կը տօնախմբէ Նոր Կիրակին, Տօն եկեղեցւոյ. որ կը կոչուի նաեւ Կրկնազատիկ, այսինքն՝ երկրորդ Զատիկ, յիշատակելով Տիրոջ յարութեան ութերորդ օրը, երբ յարուցեալ Յիսուս երեւցաւ առաքեալներուն գոց դռներով վերնատան մէջ, եւ իրենց հաւատքը զօրացուց, մանաւանդ թերահաւատ Թովմասինը՝ որ մինչեւ ձեռքերով չշօշափեց Քրիստոսի վէրքերը՝ չհաւատաց։ Յոյներուն համար ալ որ այսօր կը տօնեն Զատիկը՝ Նոր Կիրակի է, կը կոչուի նաեւ Թովմայի Կիրակի։ Նոր կիրակին հեթանոսներու դարձի տօնն է։ Այսօրուան աւետարանին մէջ կը կարդանք. Ան աշխարհի մէջ էր, եւ աշխարհը անով ստեղծուեցաւ, սակայն աշխարհը չճանչցաւ զինք. իրեններուն մօտ եկաւ բայց իրենները զինք չընդունեցան։ Իսկ անոնք որոնք զինք ընդունեցան եւ հաւատացին իր անունին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու։ Այսօրուան շարականները եւս կը շեշտեն հեթանոսներու ընդունուիլը Քրիստոսի Եկեղեցիէն ներս։

Աստուծոյ խօսքը ՝Հօր Միածին Որդին մարմնացաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, դարձաւ աշխարհի լոյսը, կամաւորապէս խաչին վրայ պատարագուեցաւ։ Իր մահուամբ ու հրաշալի յարութեամբ տիեզերքը նորոգեց, արարչութիւնը կենագործեց,  մեզ ալ նորոգեց մեղքի հնութենէն, բոլոր ազգերը Աստուծոյ որդիներ դարձուց, եւ համայն մարդկութեան փրկութիւնն ու յաւիտենական կեանքը պարգեւեց։

Քրիստոս իր խաղաղութիւնը ձգեց աշակերտներուն, ու գլխաւոր պատուիրանը. իրար սիրել ինչպէս Ան սիրեց զիրենք. Առաքեալներն ալ զօրացած Սուրբ Հոգիով միաշունչ ու միախորհուրդ, Աւետարանը քարոզեցին, ազգերն ու հեթանոսները դարձուցին անդամներ Քրիստոսի Եկեղեցիին ու իրենց սրբակենցաղ օրինակով եւ նոյնիսկ իրենց արիւնով վակայեցին Յարուցեալ Քրիստոսին ու անոր խօսքը ամենուր տարածեցին։

Եկեղեցւոյ այս տօնին առթիւ խնդրենք բոլորս մէկ, որ յարուցեալ մեր Փրկիչը գայ մեր սրտերէն, տուներէն ու շրջանակէն ներս, տայ մեզի իր աստուածային խաղաղութիւնը, լուսաւորէ մեր միտքերը, ջերմացնէ մեր սիրտերը, եւ փոխակերպէ մեր կեանքը իր կամքին համաձայն, որպէսզի  գործենք իր փառքին, աշխարհի խաղաղութեան ու մարդոց բարիքին համար, ամէն։

Հայր Համազասպ Քէշիշեան








All the contents on this site are copyrighted ©.