2016-04-03 15:00:00

Անթիլիասի մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն նուիրուած Արցախի նահատակ հերոսներուն


Կիրակի, 3 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն, 1-2 Ապրիլ 2016-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ Ազրպէյճանի դաւադիր յարձակումներուն զոհ գացած նահատակ զինուոր հերոսներու եւ քաղաքացի անմեղ զոհերու հոգիներուն համար։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Հոգեհանգիստի արարողութեան, իր շուրջ ունենալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը։ Իսկ Սուրբ Տաճարին մէջ ներկայ հաւատացեալները եւս, իրենց սրտէն զեղած աղօթքներով, մասնակից դարձան արարողութեան։ Հոգեհանգիստէն առաջ Նորին Սրբութիւնը ներկայ հաւատացեալներուն խօսելով ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ նման դէպքեր մի՛շտ ալ յիշեցում եղած են մեր միասնականութիւնը ամրապնդելու «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» ոգիով։ Այսօր, այս դժուար պայմաններուն տակ, Ղարաբաղի մեր ժողովուրդին զօրավիգ կանգնիլը մեզի համար առաջնահերթութիւն է, եւ մենք գործնապէս պէտք է արտայայտենք մեր ամբողջական զօրակցութիւնը»։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ կո՛չ ուղղեց աղօթելու մեր նահատակներու հոգիներուն, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի ու Հայաստանի հզօրութեան, խաղաղութեան եւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար։

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ թելադրած էր թեմակալ առաջնորդներուն, որպէսզի բոլոր թեմերու եկեղեցիներէն ներս եւս Կիրակի, 3 Ապրիլին Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուի։

Նշենք, որ Նորին Սրբութիւնը մօտէն կը հետեւի Ղարաբաղ-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն եւ երէկ կապ հաստատած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ։ Վեհափառ Հայրապետը Նախագահ Սահակեանին յայտնած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.