2016-04-02 12:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապի գործունէութիւնը. Ողորմութեան աղօթքի հսկում։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 2 ապրիլ 2016-իՆ, առաւօտուն ժամը 10.00-ին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար  ընդունեց Եպիսկոպոսաց համաժողովի նախագահ՝ Կարդինալ Մարք Ուէլլեն, Աստուածային Պաշտամունքի եւ Սուրբ Խորհուրդներու մատակարարումի համաժողովի նախագահ՝ Կարդինալ Ռոպերթ Սարահ, Նուիրեալ աձնինք հաստատութիւններու  եւ Առաքելական կեանքի ընկերութեան համաժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Ժաօ Պրազ տէ Ավիզ ու անոր ընկերացող համաժողովի  քարտուղար գերապայծառ Խօսէ Ռորտիկէզ Քարպալլոն։ Իսկ կէսօրին, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Ժողովուրդներու Աւետարանացման ժողովի քարտուղար եւ Սիլա թեմի՝   տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս գերապայծառ Սավիօ Թայ Ֆայ։

Հուսկ՝ երեկոյեան ժամը 6.00-ին,­ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապ կը գլխաւորէ Աստուածային Ողորմութեան աղօթքի հսկումի արարողութիւնը որուն ընթացքին Ան Ողոութեան Հօրմէ կը հայցէ որ իր ''Փրկութեան շնորհքը տարածէ ամէն անհատի։ Հսկումի ընթացքին նախատեսուած են աղօթքներ հալածուած քրիստոնեաներուն, անոնց որոնք դեռահաւատութեան մէջ են, անոնց որոնք յոյսը կորսնցուցին ու աշխարհի մտածողութեան ստրուկ քրիստոնեաներուն համար։

Աղօթք պիտի բարձրացուի առ Աստուած որպէսզի նորոգէ իր ողորմութիւնը ընտանիքներու կեանքէն ներս, շահագործուած մանուկներու սրտին մէջ, երիտասարդներու ու տարեցներու սրտերուն մէջ։ Ապա աղօթք որպէսզի Աստուծոյ ողորմութիւնը հասանելի ըլլայ նաեւ ատելութիւն սերմանողներուն ու բոլոր անոնք որոնք մարդուն արժանապատուութիւնը կը բռնաբարեն։ Հուսկ՝ աղօթք գաղթականներուն եւ փախստականներուն դիտաւորութեամբ։  

Յայտնենք,  թէ աղօթքի հսկումի արարողութեան յայտագիրը ստորաբաժանուած է երեք մասերու,  իւրաքանչիւր բաժին ունի խորհրդածութեան  յատուկ նիւթ. Ողորմութիւնը՝ Եկեղեցւոյ գանձը. Ողորմութիւնը՝ Յոյսի ակնաղբիւրը, եւ Ողորմութեան վկաները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.