2016-04-02 09:06:00

Քրիստոսի փուշէ պսակէն փուշ մը պահպանուած է Իտալիոյ Անտրիայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Փուշ մը` որ կը նկատուի եկած է Քրիստոսի փուշէ պսակէն, պահպանուած է հարաւային Իտալիոյ` Andria քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Փուշը` ամէն անգամ որ Աւագ Ուրբաթ օրը կը զուգադիպի 25 Մարտին ` Աւետման տօնին օրը, կ՛արիւնի։

Այս հրաշքը կրկին տեղի ունեցաւ 2016-ին, տրուած ըլլալով որ այս տարի եւս Աւագ Ուրբաթ օրը զուգադիպեցաւ 25-մարտին, յայտնած է գերապայծառ Raffaele Calabro, Andria-ի թեմին վաստակաւոր առաջնորդը։

Յիսուսի այս մասունքը` փուշը, պահպանուած է մասնատուփի մէջ, 1308էն ասդին։ Յատուկ յանձնախումբ մը հետեւելով եղելութեան հաստատած է արեան երեք կաթիլներու երեւումին հրաշքը փուշին վրայ։ Առաջին հրաշքը նշմարուեցաւ 1633-ին եւ կրկնուեցաւ 1644, 1701, 1712, 1864, 1910, 1921, 2005 եւ 2016-ին։ Յաջորդ հրաշքը նախատեսուած է 2157-ին ։

Իր բնականոն վիճակին մէջ, չորցած փուշին ծայրը կը նշմարուին կարմրագոյն բիծեր։ Երբ Աւագ Ուրբաթ օրը կը զուգադիպի 25 Մարտին, (Ս. Կոյս Մարիամի Գաբրիէլ հրեշտակապետի կողմէ աստուածային մայրութեան աւետման թուականը) փուշը կը թարմանայ` կանաչ կը դառնայ, ու այդ բիծերը կարմիր գոյն կը ստանան, ողջ արեան գոյն։








All the contents on this site are copyrighted ©.