2016-04-02 09:34:00

Ուաշինկթընի մէջ Նախագահ Սարգսեան կը մասնակցի հիւլէական անվտանգութեան վեհաժողովին


Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ 1 ապրիլին սկսած է հիւլէական անվտանգութեան վեհաժողովը, որուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հրաւէրով կը մասնակցի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Ուոլթըր Ուաշինկթընի անուան համաժողովներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցող համաշխարհային հաւաքին կը մասնակցին աւելի քան հինգ տասնեակ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ:

Վեհաժողովին պիտի քննարկուին միջազգային անվտանգութեան համար մեծ վտանգ ներկայացնող հիւլէական ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ բարձր մակարդակի նախորդ համաշխարհային հաւաքին ժամանակ մշակուած միացեալ քայլերու կենսագործման նպատակով իրականացուող աշխատանքները` համաձայն ընդունուած յայտարարութեան եւ աշխատանքային ծրագիրի, ինչպէս նաեւ նոր մարտահրաւէրները միասնաբար դիմակայելու, հիւլէական ահաբեկչութեան սպառնալիքները չէզոքացնելու, կանխարգիլելու արդիւնաւէտ գործիքակազմերը:

Հանդիպում` Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 31 մարտին Պոսթընէն մեկնած է Ուաշինկթըն, ուր նոյն օրը Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի հետ, որ Սերժ Սարգսեանի հետ տեսակցած էր շուրջ տարի մը առաջ` 7 մայիս 2015-ին, Ուաշինկթընի Մայր տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջկրօնական աղօթքին առիթով:

Զրուցակիցները երկուստեք ընդգծած են, որ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները մնայուն կերպով կը զարգանան միացեալ ջանքերու ու փոխադարձ քաղաքական կամքի շնորհիւ, եւ գոհունակութեամբ յայտնած են այն մասին, որ ներկայիս երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններու օրակարգը կը ներառէ զանազան մարզեր` քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական, անվտանգութեան, որոնց ծիրին մէջ տարեկան դրութեամբ երկու երկիրները նոր ձեռքբերումներ կ՛արձանագրեն:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն








All the contents on this site are copyrighted ©.