2016-04-02 10:41:00

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը


ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս կը հաստատէ Ապրիլ 1-էն 2-ի գիշերը ղարաբաղա- ատրպէյճանական ուժերու սահմանագիծի ողջ երկայնքով հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած աշխոյժ յարձակողական գործողութիւններուն վերաբերեալ տեղեկատւութիւնը:

Գործողութիւններու ընթացքին հակառակորդը, կիրառելով հրասայլեր, հրետանի եւ օդուժ, փորձած է ներխուժել ԼՂՀ ՊԲ պաշտպանութեան խորքը եւ գրաւել մարտավարական դիրքեր: Այս պահի դրութեամբ ԼՂՀ ՊԲ ստորաբաժանումներու աշխոյժ գործողութիւններու արդիւնքով սահմանագիծի ողջ երկայնքով հակառակորդը ետ շպրտուած է` տալով բազմաթիւ զոհեր: Մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ ռազմական գործողութիւններ սկսելու վերաբերեալ ատրպէյճանական իշխանութիւններու աննախադէպ յաձակողական եւ անպատասխանատու որոշումը եւ պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ ատոնց շարունակումը կրնայ յանգեցնել ատրպէյճանական կողմի համար անկանխատեսելի հետեւանքներու:

Ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահամանգիծին իրադրութիւնը աննախադէպ լարելու ամբողջ պատասխանատւութիւնը կը կրեն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ ստեղծուած իրավիճակին վրայ եւ կ՛ակնկալէ անյապաղ հասցէական միջամտութիւն` իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու եւ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններէն խուսափելու համար:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.