2016-04-02 19:30:00

''Աստուծոյ ողորմութիւնը մօտիկութիւն է'' Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 2 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան 6-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց` Աստուածային Ողորմութեան տօնի նախօրեակի աղօթքի հսկումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ''Աստուածային Ողորմութեան'' պաշտամունքի եղբայրակցութիւններու անդամներն ու բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Աղօթքի հսկումի ընթացքին ներկայացուեցան երգեցողութիւններ, աղօթքներ ու վկայութիւններ երեք գլխաւոր նիւթերով. Ողորմութիւնը Եկեղեցւոյ գանձ. Ողորմութիւնը Յոյսի ակնաղբիւր, եւ Ողորմութեան վկաներ։

Աղօթքի հսկումի աւարտին խօսք առաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը յայտնելով թէ ''ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կը բաժնեկցինք այս աղօթքի պահը որ մեզ կ՛առաջնորդէ Ողորմութեան Կիրակիին, որ այնքան ցանկալի եղած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին, Սրբուհի Ֆաութինայի իղձը իրականացնելու համար''։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց ներկայացուած վկայութիւններուն եւ կատարուած ընթերցումներուն ''որպէս լոյսի եւ յոյսի նշոյլներ, մուտք գործելու համար Աստուծոյ ողորմութեան ովկիանոսին մէջ'', ապա հաստատեց թէ Աստուծոյ ողորմութեան դիմագիծերը բազմաթիւ են ու թէ` մենք երբեք պէտք չէ յոգնինք զայն ընդունելէ, փնտռելէ ու ցանկալէ''։

''Աստուած յայտնուեցաւ, մեզի յայտնելով իր անունը, եւ այս անունը Ողորմութիւն է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, դիտել տալով թէ Աստուծոյ ողորմութիւնը անսահման է ու կարելի չէ զայն նկարագրել իր բոլոր կերպարանքներով։ Ան ապա հաստատեց թէ ''ողորմութիւնը նախ եւ առաջ Մօտիկութիւն է, Աստուծոյ մօտիկութիւնը իր ժողովուրդին''։ Մօտիկութիւն որ կը բացայայտուի որպէս օգնութիւն ու պաշտպանութիւն։ Հօր ու Մօր մը մօտիկութիւնը որ կը յայտնուի քնքշութեան մէջ։Բառ մը որ այս օրերուն գրեթէ մոռցուած է։ ''Յիսուս ոչ միայն իր ուսերուն վրայ կը շալկէ մարդկութիւնը, այլեւ իր այտը կը մօտեցնէ Ադամի այտին ու երկուքը կարծես կը դառնան մէկ դիմագիծ'' ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով թէ մեր Աստուածը մեզ կը ճանչնայ եւ իր ողորմութեան ուժի շնորհիւ `Ան դարձաւ մեզմէ մին. Իր մարդեղութեամբ Աստուծոյ Որդին միացաւ մարդուն, ապրեցաւ, մտածեց, գործեց ու սիրեց մարդու նման, բացի մեղքէն։

''Յիսուսի մէջ մենք կարող ենք դպչիլ Հօր ողորմութեան ու կանչուած ենք մեր կարգին դառնալու ողորմութեան գործիքներ'' ըսաւ ապա Քահանայապետը նկատել տալով թէ ''Դիւրին է ողորմութեան մասին խօսիլ, սակայն աւելի դժուար է ու յանձնառութիւն կը պահանջէ­, ողորմութեան առարկայական վկաներ ըլլալ''։ Այս մէկը համայն կեանքի ուղեւորութիւն է։ Յիսուս արդարեւ մեզի ըսաւ ''Եղէք Հօր նման ողորմած''։

''Աստուծոյ ողորմութիւնը կը յայտնուի մօտիկութեան ու քնքշութեան մէջ ու նաեւ կարեկցութեան ու բաժնեկցութեան մէջ ինչպէս նաեւ մխիթարութեան եւ ներումի ընդմէջէն'' ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը, մատնանշելով թէ ''Ան որ աւելիով կը ստանայ զայն, կանչուած է զայն նուիրելու եւ բաժնեկցելու ուրիշներուն հետ'' որովհետեւ ''Ողորմութիւնը վարակիչ ուրախութիւն կ՛արտայայտէ. Ողորմութիւնը կը նայի ամէն մէկ անհատի աչքերուն, որովհետեւ ամէն մէկ էակ թանկարժէք եւ եզակի է  անոր համար''։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ըսաւ ապա Քահանայապետը, ողորմութիւնը Քրիստոսի սէրն է որ մեզ կը մղէ ողջագուրելու` բոլոր անոնք որոնք կարիքն ունին ողորմութեան, որպէսզի բոլորը հաշտութիւն կնքեն Հօր հետ։ Պէտք չէ վրդովիլ. Թոյլ տանք որ այդ սէրը մեզ առաջնորդէ­, որպէսզի մենք դառնանք ողորմած` Հօր նման։ 

Ունկնդրեցինք աւետարանը. Թովմաս առաքեալ թերահաւատ էր եւ հաւատքը գտաւ երբ դպաւ Տիրոջ վէրքերուն։ Հաւատք մը որ կարող չէ Տիրոջ վէրքերուն մէջ մխրճուիլ, հաւատք չէ. Հաւատք մը որ կարող չէ ողորմած ըլլալ, հաւատք չէ։ Գաղափար մըն է, գաղափարախօսութիւն է։ Մեր հաւատքը մարմնացած է Աստուծոյ մը մէջ որ մարդ դարձաւ, դարձաւ մեղք ու մեզի համար վէրքեր կռեց։ Եւ եթէ կ՛ուզենք իսկապէս հաւատալ, մենք պէտք ենք մօտենալ ու դպչիլ այդ վէրքերուն, շոյել զանոնք, ու մեր գլուխը ծռել թոյլ տալով որ այդ վէրքերը եւս մեզ շոյեն։

Թոյլ տանք ուրեմն որ Սուրբ Հոգին  առաջնորդէ մեր այս քայլերը. Ինքն է Սէրը, Ինքն է ողորմութիւնը` որ մեր սրտերուն մէջ կը դրոշմուի։ Արգելք չի հանդիսանանք Անոր վերանորոգիչ ներգործութեան, այլ հեզութեամբ հետեւինք Անոր` մեզի ցոյց տուած ճանապարհին։ Մնանք միշտ բաց սրտով, որպէսզի Սուրբ Հոգին մեզ կերպարանափոխէ, հուսկ ներուած եւ հաշտուած, դառնանք վկաները այն ուրախութեան, որ կը բխի, մեր մէջ կենդանի Յարուցեալ Քրիստոսի հետ հանդիպումէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.