2016-04-01 09:29:00

Պոլսոյ Պատրիարքական ընդհ. փոխանորդը յստակացում կը պահանջէ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ գծով։


 ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քանի մը օրէ ի վեր լուսարձակի տակ է Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին պետականացնելու Անգարայի որոշումը, որ կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ բովանդակ հայաշխարհէն ներս։ Մինչ այդ, Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան նախագահ Ատնան Էրթեմ փորձեց կացութիւնը մեղմացնել՝ պնդելով, որ Սուր շրջանին մէջ բազմաթիւ շինութիւններ, ներառեալ Ս. Կիրակոս եկեղեցին, նախարարներու խորհուրդին կողմէ շտապ կերպով ապասեփականացուած են, որպէսզի այդ շինութիւնները պահպանուին։ Պետականացուած են նաեւ Սուրի Ս. Սարգիս հայ կաթողիկէ եկեղեցին, ասորիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ պատմական այլ ուխտատեղիներ ու անոնց պատկանող ամբողջ գոյքը։

Երեսփոխան Կարօ Փայլան, այս ուղղութեամբ հարցագիր մը ներկայացուցած է վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուին, իսկ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան ըսաւ, թէ ինք եւս առարկած է այս որոշումին դէմ, անընդունելի նկատած է զայն եւ պահանջած, որ որոշումը յստակացուի ու գրաւոր կերպով հաղորդուի իրեն։

Այս ուղղութեամբ նաեւ բողոքի աշխատանք կը տանի փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ տոքթ. Թորոս Ալճան։








All the contents on this site are copyrighted ©.