2016-04-01 11:57:00

Ողորմութեան բարիքները յոբելինական տարւոյն մէջ


Այն ատեն թագաւորը պիտի ըսէ  աջակողմեաններուն. «Եկէք, Հօրս օրհնեալները, առէք իբրեւ ժառանգութիւն արքայութիւն որ աշխարհի սկիզբէն ի վեր պատրաստուած է ձեզի համար, որովհետեւ անօթեցայ եւ դուք կերակրեցիք զիս, ծարաւ էի եւ դուք խմցուցիք ինծի, պանդուխտ էի եւ դուք ընդունեցաք զիս»  (Մարկ 25, 34-34)։

Տէրը  կ'ուզէ մեզի յաւիտենական կեանքը պարգեւել։  Այս օրուայ ընթերցումին մէջ ան  չի նկարագրեր  վերջին դատարանը, այլ կ'ուզէ  բոլորիս ցոյց տալ փրկութեան ճանապարհին առաջնորդող յաջող գայլերը: Այն մարդիկը որոնք լաւ ընդունելութեան կ’արժանանան իր Արքայութեան մէջ, անոնք են որոնք ողորմութեան փորձեր կատարած են իրենց կեանքին ընթացքին մանաւանդ իրենց եղբայրներուն հանդէպ: Յիսուս կը փափաքի մեզ տեսնել իր աջ կողմը մեր աչքերուն նայելով եւ ըսելով «Եկէք Հօր օրհնեալները եւ ժառանգեցէք այն թագաւորութիւնը որ ձեզի պատրաստեցի աշխարհիս ստեղծումէն ի վեր»:

Կրնանք երեւակայել այն պատրանքը որուն միջոցաւ պատրաստուեցաւ յաւիտենական  երջանկութիւնը եւ Հօր ժառանգութիւնը:

Այժմ հարց տանք։ Ի՞նչ են արդեօք այն հրահանգները որոնք մեր առջեւ դրուեցան ըլլալու այն ոչխարներէն որոնք պատիւը պիտի ունենան Տիրոջ աջ կողմը նստելու:

Ողորմութեան ներգործութիւնը կը գտնենք Յիսուսի հետեւեալ  խօսքին մէջ.  «Եկուր եւ ժառանգէ իմ արքայութիւնս, որովհետեւ անօթի էի եւ ինծի կերակուր տուիր, ծարաւի էի եւ ինծի ջուր տուիր, օտար էի  եւ զիս ընդունեցար, հիւանդ էի եւ զիս այցելեցիր»:

Այս տարի, Եկեղեցին կը հրաւիրէ մեզ ապրելու ողորմութեան յոբելենական տարին: Յիսուսի հրահանգները՝ որոնք մեր հոգիներուն եւ սրտերուն մէջն են,  մեզմէ կը պահանջեն ապրիլ եկեղեցւոյ սիրոյն մէջ: Մեզի համար բարեպատեհ ժամանակ մըն է ապրելու այս յոբելենական տարին մեծ հաւատքով եւ հոգեւոր  ինքնամփոփումով:  Հետեւաբար, մենք մեզի հարց տանք թէ  այս պահուն արդեօք պատրա՞ստ ենք բացուելու  մեր  դիմացինին, երես չդարձնելու անոր պէտքերուն եւ օգնութեան կարիքին։ Արդեօք ունի՞նք  ուրախ սիրտը եւ պատրաստակամութիւնը ճշգրիտ պատասխաններ տալու խեղճ կեանքին մէջ տուայտող աղքատին,  չքաւորին եւ անհաւատին յիշելով Աստուծոյ այն խօսքը թէ «Ամէն անգամ որ այս փոքրիկներէն մէկուն բարիք ընէք, ինծի ըրած կ’ըլլաք»։

Յիսուս  մեզի կարեւոր բացատրութիւն մը կու տայ այս խօսքով: Ան ըսել կ’ուզէ թէ աշխարհ գալով մեզի պէս մարդ եւ եղբայր դարձաւ. Հետեւաբար,  կ'ուզէ որ մենք ալ իրարու եղբայրներ եւ բարեկամներ դառնանք որպէսզի գտնենք իր եւ մեր մէջ Աստուծոյ ողորմութիւնը:

Արդեօք կրնա՞նք  Քրիստոսը տեսնել բոլոր մարդոց մէջ։ Արդեօք կը տեսնե՞նք Աստուծոյ պատկերը մարդոց երեսներուն վրայ, ինչ որ երբեք դիւրին չէ։ Ահա թէ ինչու մեզի կը մնայ Տիրոջմէ խնդրել այսպիսի առաքինութեամբ մը օժտուելու շնորհը։ Շնորհակալ ենք քեզի ով Տէր որ մեզի համար մասնաւոր տեղ մը վերապահեցիր քու արքայութեանդ մէջ։ Շնորհակալ ենք որ մեզի կ'օգնես ճշմարիտ ճամբան առնելու եւ հասնելու քու ժառանգական արքայութեանդ։ Մեզի շնորհքը տուր տեսնելու քու պատկերդ մեր եղբայրներուն եւ բարեկամներուն երեսներուն վրայ: Մեզի  սորվեցուր մարդասէր եւ եղբայրաբար ապրիլ միշտ քու ողորմութիւնդ: 

Պատրաստեց Հար Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.